Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:
Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական ու ազգային կառոյցները իրենց կարելին կատարեցին պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ՝ օգտակար ըլլալու մեր համայնքի զաւակներուն: Սակայն, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը աւելի ծանրացուց Լիբանանին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Արդարեւ, անմիջապէս որ լսեցինք պատահած պայթումը, ուղղուեցանք հայկական թաղեր ու ականատես դարձանք պարզուած ողբերգական կացութեան. քանդուած կամ ծանրօրէն վնասուած եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, տուներ, խանութներ եւ աւելի ահաւորը՝ մահեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ: Քանդումները Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ ու բնոյթով:
Երէկ եւ այսօր հանդիպումներ ունեցանք համայնքային պատասխանատուներու հետ՝ աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու յառաջացած վնասներուն ու վիրաւորներու առողջական վիճակին: Զօրակցական հեռաձայններ ստացանք մեր պետական, հոգեւոր ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ: Արդ, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը ընդհանրապէս համահայկական ու յատկապէս սփիւռքեան ծիրէն ներս, այս կարեւոր գաղութին վերականգնումը կը նկատենք անյետաձգելի ու հրամայական:
Քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է: Պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է: Մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է: Մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Համապարփակ հայեցակէտով հարկ է դիտել համայնքին վերականգնման աշխատանքները:
Այս գծով կարեւորութեամբ կ՛ուզենք շեշտել հետեւեալ կէտերը.
- Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով՝ մեր հայրենիքին, Սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Տագնապը մեծ է. հետեւաբար, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ համապատասխան, կազմակերպ ու հետեւողական:
- Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութիւնը պիտի ներառէ մեր համայնքին բոլոր զաւակները առանց խտրութեան:
- Լիբանանի Հայոց թեմին առաջնորդ սրբազանին նախագահութեամբ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը՝ մասնակցութեամբ երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու ու երեք բարեսիրական միութիւններու, որպէսզի կազմակերպէ վերականգնումի աշխատանքները:
- Առաջնահերթութեան կարգով յանձնախումբը պիտի ճշդէ հետեւեալ երեք բնագաւառներու առնչուած կարիքներուն մասնակցութեան չափն ու ժամանակը. տուներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգում, առողջապահական ծրագիրներ եւ կրթական օժանդակութիւն:
- Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւ մը բացուած է ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ.
Beneficiary: ARMENIAN CATHOLICOSATE OF CILICIA
Bank: Banque pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Account: M-502039
IBAN: CH61 08755 0502 0390 0300
SWIFT Code: PICTCHGG:
Բոլոր օժանդակութիւնները պէտք է կատարուին այս հասցէին, որպէսզի ստացուած նուիրատուութիւնները կաթողիկոսարանին ճամբով փոխանցուին Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող վերոյիշեալ յանձնախումբին:
Ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ, եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի: Լիբանանի հայութեան ցաւը ամբողջ հայութեան ցաւն է: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կոչուած են զօրակից դառնալու Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ո՛չ միայն անոր ցաւը փարատի, այլ նաեւ կարենայ վերանորոգ կենսունակութեամբ ու նուիրումով շարունակել իր համազգային առաքելութիւնը:
Այս սպասումով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը:
5 Օգոստոս 2020
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ