ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ».- Հայաստանի վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրելով՝ կը յայտնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակին միջոցաւ մնայուն կապի մէջ է Լիբաբանի կառավարութեան եւ տեղւոյն հայկական համայնքի կառոյցներու ղեկավարներուն հետ՝ Լիբանաի օգնութեան գործը իրականացնելու նպատակով:
«Քննարկումների արդիւնքում յստակացուել են կարիքների հիմնական ուղղութիւնները, որոնց շրջանակում էլ ՀՀ կառավարութիւնը թիրախային օգնութիւն կը հասցնի Պէյրութ՝ ինչպէս կառավարական այնպէս էլ համայնքային մակարդակով», կը գրէ Գէորգեան՝ աւելցնելով, թէ օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ դեղօրայք, բժիշկական սարքաւորումներ եւ այլ իրեր յատուկ թռիչքով առաքելու ձեւով: Ըստ Գէորգեանի՝ վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին: