ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Ինչպէս երէկ տեղեկացուցինք՝ Պէյրութի մէջ երէկուան հսկայական պայթումին պատճառով «Շաղզոյեան» կեդրոնը, անոր մէջ գործող զանազան կառոյցներու գրասենեակները եւ բաժանմունքները նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցան: Գրեթէ բոլոր գրասենեակներուն դռներուն եւ պատուհաններուն ապակիները փշրուեցան, մեծ վնասներ կրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակները եւ ժողովասրահները: Ծանր վնաս կրեց նաեւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը:
Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ երեսփոխանական գրասենեակի, «Ազդակ»ի խմբագրատան, «Վանայ Ձայն»ի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ «Բագին»ի գրասենեակները: Պայթումին ճնշումէն ո՛չ միայն փշրուած էին դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները, այլեւ ամբողջութեամբ պոկուած էին փեղկերը:
Պայթումին պատճառով վիրաւորուեցաւ նաեւ «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: