
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»․- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը եւ գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կապ հաստատած են Լիբանանի հայ համայնքի հոգեւոր, կրթական, առողջապահական, բարեգործական, լրատուական տասնեակ կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի հետ, Պէյրութի իրավիճակին եւ կարիքներուն նախնական գնահատումը կատարելու համար:
Ըստ համայնքէն ստացուած տեղեկատութիւններուն՝ այժմ համայնքին մէջ կան հետեւեալ առաջնային կարիքները՝ դեղորայք, ուտելիք եւ ջուր, հայահոծ թաղամասերու բնակարաններու, խանութներու, եկեղեցիներու ու կեդրոններու վերանորոգման նիւթական աջակցութիւն եւ հայրենադարձողներու գործընթացի աջակցութիւն:
Համայնքային ներկայացուցիչները մատնանշած են նաեւ համայնքին հոգեբանական աջակցութեան տրամադրումը:
Համայնքային գործիչները ընդգծեցին, որ իրենք եւս կը կատարեն կարիքներու գնահատում, եւ վերջնական վերլուծութեան համար ժամանակի կարիքը կայ:
Կարիքներուն հիման վրայ գրասենեակին կողմէ կատարուած վերլուծութեամբ` պիտի առաջարկուին աջակցութեան ընթացիկ ուղիները: