ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն հետ հեռավար հանդիպումներու ծիրին մէջ Հանրապետութեան նախագահին տիկինը` Նունէ Սարգսեան այս անգամ առցանց զրոյց ունեցաւ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ:
Այս հեռավար հանդիպումները իրականութիւն կը դառնան «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքին նախաձեռնութեամբ՝ նպատակ ունենալով նպաստել կրթական հաստատութիւններուն միջոցով Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ հանդիպման ընթացքին տիկին Սարգսեան անդրադարձաւ հայոց լեզուի երկու հիմնական ճիւղերուն` արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բարբառներուն` նշելով, որ բարբառները մեր լեզուի հարստութիւնն են: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն՝ ուսումնասիրելու արեւելահայերէնը եւ նոյնքան լաւ տիրապետելու անոր, որքան արեւմտահայերէնին:
Այդ պարունակին մէջ Ն. Սարգսեան անդրադարձաւ «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան` ընդգծելով, որ անիկա կարելիութիւն պիտի տայ ոչ միայն զարգացնելու իրենց հայերէնը, այլ նաեւ աշխուժ կերպով կապ հաստատելու Հայաստանի իրենց հասակակիցներուն հետ:
Նունէ Սարգսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի երկու դպրոցներ` Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր համայնքի Լեւոն Ադամեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ Շիրակի մարզի Գիւմրիի ակադեմական վարժարանը պատրաստակամութիւն եւ ուրախութիւն յայտնած են կապուելու Հալէպի վարժարանին հետ: «Հաշուի առնելով Տաւուշի վերջին իրադարձութիւնները` այնտեղ ապրող երեխաները յատուկ ուշադրութեան կարիք ունեն», շեշտեց ան՝ յոյս յայտնելով, որ աշակերտներուն միջեւ շարունակական ընկերական յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին, եւ հալէպահայ երեխաները Հայաստան տալիք յառաջիկայ այցելութիւններուն հանդիպումներ կ՛ունենան Տաւուշի եւ Գիւմրիի իրենց բարեկամ հասակակիցներուն հետ:
Հալեպի վարժարանի աշակերտներուն Նունէ Սարգսեան առաջարկեց Հայաստանի դպրոցներուն հետ կատարել արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն թարգմանչական մրցոյթ: Յաղթողները պարգեւներու պիտի տիրանան՝ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
«Մեր նպատակն է կամուրջ ստեղծել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Ես ամբողջ կեանքում Սփիւռքի հետ կապուած եմ եղել` չնայած երեւանցի եմ: Ես շատ բարձր եմ գնահատում Սփիւռքի դերը: Հայերը երկու անգամ աւելի զօրաւոր ժողովուրդ են, որովհետեւ ունեն Սփիւռքի հետ կապը: Հայաստան-Սփիւռք կամուրջն ամրապնդելու համար մենք պէտք է ապահովենք ապագայ սերունդների կապը: Յոյսով եմ` վիրուսը յաղթահարելուց յետոյ կը շփուենք ոչ միայն համակարգչով, այլեւ` դէմ առ դէմ ֆիզիկապէս, յատկապէս` մեր երեխաները», շեշտեց Նունէ Սարգսեան:
Քննարկման երկրորդ մասով Հալէպի վարժարանի ուսուցիչները ներկայացուցին «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ հեռավար ուսուցման դժուարութիւններուն վերաբերող հարցեր: Անոնք ողջունեցին Նունէ Սարգսեանի առաջարկները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին զանոնք իրականութիւն դարձնելու: