ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Սի.Էն.Էն.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը 30 Յուլիսին հաղորդեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառած տագնապին պատճառով, այս տարուան երկրորդ եռամսեակին ընթացքին երկրին ներքին ընդհանուր արտադրութիւնը 32.9 տոկոսով նահանջած է, ինչ որ մեծագոյն նահանջն է երկրին պատմութեան մէջ։
Նաեւ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ յաջորդական երկրորդ շաբաթն ըլլալով, անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու առաջին դիմումներ կատարողներուն թիւը աճած է՝ հասնելով 1.434 միլիոնի:
Համաճարակին արագ տարածումը մտահոգիչ մակարդակի հասած է առնուազն 21 նահանգներու մէջ, որոնց առաջատարներն են՝ Քալիֆոնիա, Ֆլորիտա, Թեքսաս, Ճորճիա եւ Արիզոնա։
«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ մը գտնելու պայքարին առաջատարներէն «Մոտերնա» ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրէն է ամերիկահայ գործարար Նուպար Աֆէյեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն յաւելեալ 472 միլիոն տոլար ստացաւ վարակին դէմ պատուաստին ստեղծումը արագացնելու նպատակով: Ընկերութիւնը նախապէս 483 միլիոն տոլար եւս ստացած էր, իսկ նորագոյն աջակցութիւնը կը վերաբերի փորձարկումներու 3րդ եւ վերջին հանգրուանին:
«Մոտերնա»ն կը գործակցի Փոխանցիկ հիւանդութիւններու Ազգային հիմնարկին հետ եւ անոր հետ համակարգելով՝ 30,000 անձեռու վրայ փորձեր պիտի կատարէ 100 վայրերու մէջ: Նշեալ հիմնարկին ղեկավարը՝ Էնթընի Ֆաուչի, Երեքշաբթի օր Good Morning America յայտագիրէն յայտնեց, թէ «զգուշ լաւատեսութեամբ» կը մօտենայ այն հաւանականութեան, որ մինչեւ աշնան վերջը կամ ձմրան սկիզբը «Մոտերնա»ի պատուաստը պիտի յաջողի:
Նոյն յայտագիրէն, մէկ օր առաջ պատուաստի մը մշակման մասին տեղեկութիւններ հաղորդեց նաեւ Աֆէյեան, որուն ընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջինն էր, որ պատուաստը փորձարկոց մարդկոց վրայ:
Պատուաստ մշակող մօտաւորապէս 150 ընկերութիւններէն խոստմնալից նախաձեռնութիւններէն մէկն է ամերիկեան «Ֆայզըր» եւ գերմանական BioNTech ընկերութիւններուն պարուաստը, զոր մօտիկ ապագային ընկերութիւնները փորձարկելու վերջին հանգրուանին պիտի սկսին: Յատկանշական է, որ 30,000 հոգիի վրայ փորձերը պիտի կատարուին մօտաւորապէս 120 երկիրներու մէջ:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Մայիսէն ի վեր, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն մեծամասնութիւնը 18էն 49 տարեկան են, հաւանաբար որովհետեւ անոնք չեն հետեւիր հեռաւորութիւն պահպանելու պահանջներուն:
29 Յուլիսի յետմիջօրէին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին գաւառին մէջ, վարակուած 91 քաղաքացիներ մահած են եւ արձանագրուած են 2825 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 183,383 վարակումներ եւ 4516 մահեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 487,000 վարակումներ եւ 8913 մահեր:
Մօտաւորապէս 4.6 միլիոն վարակակիրներով եւ 154,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն` Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 2.56 միլիոն, 1.6 միլիոն եւ 834,499 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը հասաւ 17.3 միլիոնի, որուն 10.8 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 672,000 վարակուածներ: