ԱԹԷՆՔ.- Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Չորեքշաբթի, 29 Յուլիսի կէսօրուան ժամերուն, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանը եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը:
Երկու ընկերները Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներու սադրանքները ու վերջին զարգացումները ու շարունակաբար շեշտադրուող ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ Թուրքիոյ հետ զուգորդուած կառաջնորդուի՝ սպառնալով տարածաշրջանային կայունութեան:
Զրոյցի առարկայ դարձան Յունաստանի դէմ կիրարկուած Թուրքիոյ գրգռումները ծովային շրջանին մէջ, Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու սադրիչ իրողութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ատելութեան քարոզարշաւները եւ բռնութիւնները Հայաստանի ու Արցախի դէմ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին վեռահաստատեցին Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին հանդէպ հայութեան զօրակցական ու անվերապահ կեցուածքը, գնահատելով բարձր մակարդակի համագործակցութիւնը եւ ջերմ յարաբերութիւնները: Անոնք վստահեցուցին նաեւ, որ Հայ Դատի համասփիւռ ցանցը, իր աշխատունակ ու պատրաստակամ կեցուածքով՝ սատար կը հանդիսանայ Յունաստանի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան: