ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 29 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրիի: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան զինուորական կցորդ, գնդապետ Մեհտի Ուեճտանի:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած գործողութիւններուն ընթացքին մեծ քանակութեամբ արդիական անօդաչու թռչող սարքերու կիրարկման փաստին եւ անոնց դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան:
Նկատի ունենալով շրջանային անվտանգութեան հարցերը՝ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին թուրք-ատրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններու բնոյթին վերաբերեալ, գնահատեցին անոնց հաւանական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման տեսանկիւնէն:
Նոյն օրը, նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան ընթացիկ հարցեր:
Ներկայացնելով հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին եւ արցախ-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին մէջ վերջին օրերուն տիրող իրավիճակը՝ պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Ֆրանսայի՝ իբրեւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆի անդամ պետութեան դերակատարութիւնը լարուածութեան թուլացման եւ բանակցային գործընթացի շարունակութեան գործին մէջ։
Նախարար Տօնոյեան, անդրադառնալով թուրք-ատրպէյճանական միացեալ զօրավարժութիւններուն՝ նշեց, որ բուն ռազմական տեսանկիւնէն, անոնց մարտավարական բնոյթը մտահոգիչ չէ, սակայն կարեւոր է, որ զօրավարժութիւնները չվերածուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու, պաշտպանական կառոյցներու եւ այլ ենթակառուցուածքներու անմիջական դրացնութեամբ սադրիչ գործողութիւններու։ Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը ուշադիր պիտի հետեւի զօրավարժութիւններուն ընթացքին եւ հետագայ զարգացումներուն։
Դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ՝ վերահաստատելով Ֆրանսայի միջնորդական դերակատարութիւնը տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման գործին մէջ, իր կարգին բարձր գնահատեց այս ամբողջ ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող ազգայնական շեշտադրումներէ եւ դրսեւորումներէ, ինչպէս նաեւ պատերազմական կոչերէ զերծ հաւասարակշիռ մթնոլորտը: