ՔԻԵՒ․- Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Պոտնար պաշտօնապէս հերքեց զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքացիներ կը հաւաքագրուին՝ Արցախի ճակատ ուղարկուելու համար:
Հայաստանի դեսպանը զրուցակիցին ներկայացուց Ատրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով հայ-ատրպէյճանական սահմանին կացութեան լարուածութեան վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութիւնը եւ կարեւոր նկատեց իրադարձութիւններուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքին հաւասարակշռուած մօտեցումը:
Ուքրանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Սէյրանեանին` Ուքրանիոյ հայ համայնքին ուղղուած զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ սադրանքներու չմատնուելու յորդոր պարունակող ուղերձին համար: Ան աւելցուց, որ խիստ անհրաժեշտ է ապահովել ազգամիջեան խաղաղութեան պահպանումը եւ կանխարգիլել հայ եւ ատրրպէյճանցի համայնքներուն միջեւ ճակատումը: