ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդկութիւնը իրարմէ տարբերելու բոլոր ճիգերը, քրիստոնէական վարդապետութեան միակ պատասխանին կ՛արժանանան, որ է՝ «Աստուծոյ աչքին բոլոր մարդիկ հաւասար են»: Շատեր սակայն, չե՛ն հաւատար այս ճշմարտութեան, ինչքան ալ հոգիով ու սրտով համաձայն ըլլան սկզբունքին: Լաւագոյն պարագային անոնք կ՛ըսեն. «Երանի՜ թէ այդպէս ըլլար»: Որովհետեւ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին բազմաթիւ անգամներ ճաշակած կ՛ըլլան անարդարութեան պտուղները, քանակոծուած կ՛ըլլան անիրաւ կերպով. մէկ խօսքով, վերոյիշեալ հաւասարութեան նշոյլին անգամ կարօտ մնացած կ՛ըլլան իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին: Այս պատճառով ալ անոնք շատ հաւատք չե՛ն ընծայեր խօսքին, ինչքան ալ յարգեն սկզբունքը:
Ընկերային հաւասարութեան փորձեր կատարուած են պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր ալ համայնավարական վարչակարգերով ընթացող երկիրներ նոյնը կը փորձեն իրականացնել, սակայն ձախող արդիւնքով: Որովհետեւ ընկերային հաւասարութեան օրէնքը կրօնական պատուիրաններու քարոզչութեամբ իրականանալի է: Կրօնքն է, որ իր բարոյական սկզբունքներու ուսուցումով յառաջ պիտի տանի ընկերային հաւասարութեան կանոնը: Այլապէս, առանց կրօնական զգացումին սահմանուած որեւէ օրէնք ձախորդութեան կը մատնուի: Բարոյագիտութիւնը քաղաքացիական օրէնքներուն մէջ իր կանոնները կրնայ ունենալ, օրինակ՝ սպանութեան եւ այլ անիրաւութիւններու պարագային սահմանուած պատիժներով: Սակայն ոճրագործն ու չարագործը նոյն փորձութեան դարձեալ կրնան մատնուիլ, ինչքան երկար ալ որ բանտին մէջ կրեն իրենց կատարած վատութեան պատիժը: Դուրս գալէ ետք, նոյնիսկ իրենց կրած պատիժին հանդէպ վրէժխնդրութեան համա՛ր կարգ մը ոճրագործներ այլ չարութիւններ կը գործեն: Ուրեմն, օրէնքին խստութիւնը այս պարագային չկարողացաւ ուղղութեան հրաւիրել չարագործը, ո՛չ ալ դարձի բերել զայն հոգեպէս: Անիկա միայն ժամանակի մը համար արգելափակուած մնաց, ապա դուրս գալով ո՛չ միայն չդաստիարակուեցաւ, այլ նոր չարիք մը գործեց իբրեւ վրէժ:
Կրօնական դաստիարակութեան իմաստը կամ նշանակութիւնը, յատկապէս նոր սերունդի կազմաւորման ընթացքին, անփոխարինելի արժէք ունի: Չարիք գործելու մարդկային անյագ կիրքը միայն աստուածավախութեամբ կը զսպուի: Չարագործներու կատարած վատութիւններու մեծ մասին պատճառը նախանձն է: Ինչո՞ւ ուրիշը ունի, եւ ես չունիմ: Ահա մեկնակէտը չարագործին յարձակման, որուն զոհ կ՛երթան երբեմն մէկէ աւելի մարդիկ, ընտանիքներ եւ երբեմն աւելի լայն շրջանակ:
Նախայարձակ եւ ոճրային արարքներ կատարելու դիտում ունեցողներէն ոմանք դեռ կը յանդգնին ըսելով, որ իրենք «արդարութիւն» է որ կը գործեն, եւ ընկերային հաւասարութիւն ստեղծելու համար «դաս» կու տան անոնց, որոնք «կը խախտեն» այս սկզբունքը: Ամբողջովին անհեթեթ այս մօտեցումը բացատրութիւն չունի, բացի իրենց անհաւասարակշիռ ուղեղ ունենալը, որու հետեւանքով յառաջ կը մղուին անոնք, իրենց ձեռքերը արեան մէջ թաթխելով:
Հարստութիւն կուտակելու ձեւերուն միջեւ տարբերութիւն տեսնելով, ուրիշներ կ՛ուզեն բարձրաձայնել, որ անարդար կերպով՝ անիրաւ շահերով, ուրիշները կեղեքելով, իրենց դիրքն ու հանգամանքը օգտագործելով ոմանք հարստութիւն կը դիզեն: Այս բոլորին մասին երբեմն փաստացի տուեալներ ունենալով, կարգ մը անձեր բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն նոյնիսկ իրենց ապրած երկրի իշխանութիւններուն դէմ, կառավարական պատասխանատու դիրքեր ստանձնած պետական պաշտօնեաներու դէմ, հրապարակաւ խայտառակելու համար զանոնք, եւ ժողովուրդին վերադարձնելու այն՝ ինչ որ կեղեքուած է անոր արդար իրաւունքէն:
Բարդ խնդիրներ են վերոյիշեալները, որոնք համաշխարհային տարողութեամբ, բարոյական եւ նիւթական սնանկութեան դուռը հասցուցեր են մարդկութիւնը: Երբեմն բնական հարստութիւններով յոգնաբեռն երկիրներու մէջ իսկ սոյն իրավիճակը կը տեսնուի, երբ տուեալ երկրի հարստութեամբ ո՛չ միայն կրնայ կշտանալ այդ երկրի բնակչութիւնը, այլեւ կրնայ լուծել մի քանի հարեւան այլ երկիրներու թշուառութիւնը:
Քաղաքական գործիչներ, որոնք նոյն ճահիճին գորտերն են, յաճախ ականջ խլացնելու չափ կը կռկռան, յայտարարելով որ «ճահիճին ջուրը նեխեր է», այսինքն՝ փտածութիւն կայ, որուն դիմաց պէտք է պայքարիլ: Բայց գորտը ինք իրեն հարցուցե՞ր է, թէ ինչո՞ւ պիտի պայքարի, երբ ինք իբրեւ գորտ, այնքա՛ն կը սիրէ ճահիճին նեխած ջուրը, որուն տուած սնունդը այնքան հաճելի է իրեն համար…: Այսպիսի հակասական իրավիճակներու մէջ կը գտնուի աշխարհը, ուր բարոյագիտութիւնը գրեթէ զինաթափ, բայց իր յոյսը միայն Աստուծոյ արդարութեան վրայ դրած, դեռ կը շարունակէ պայքարիլ:
Դասարանին ամէնէն չար աշակերտը, մնացեալ բոլոր աշակերտներուն գործած չարութիւնները կը մատնէ դաստիարակին, երբ յանկարծ ան ներս մտնէ: Ինչո՞ւ: Որպէսզի իր կատարածները ծածկուին այդ բազմազանութեան մէջ: Տեսնուած է, որ մնացեալ աշակերտները, որոնց մէջ երբեմն իսկապէս բարիներ կ՛ըլլան, կը տուժեն եւ «թացը խոտը չորին հետ կ՛այրի»:
Չափազանց հարստութիւն դիզելու յիմարութիւնն ալ, իր հերթին, շատերու մահուան պատճառ կը հանդիսանայ: Ծանօթ մը կ՛ըսէր, որ հարուստ երկիրներու մէջ սկսեր են մասնաւոր դարակներով դագաղներ պատրաստել…: Ծիծաղի նիւթ էր անշուշտ. Այսինքն՝ դագաղին տակի մասը, ուր հանգուցեալին մարմինը կը հանգչի, յաւելուած բաժին մը ունի, բացուող-գոցուող դարակներով, որոնց մէջ պիտի տեղադրուին հանգուցեալին ունեցած թղթէ կամ ոսկեդրամները եւ այլ շարժուն գոյքը:
Իրենց ապրած փարթամ ու հաճոյալի կեանքի ընթացքին ոմանց միտքէն իսկ չանցնիր, որ օր մը չոր սնտուկի մը մէջ պիտի մտնեն, ամէն ինչ իրենց ետին թողելով, եւ այդ սնտուկին կափարիչը գոցուածին պէս, իրենց աչքերը անդենականին պիտի բանան: Իսկական հաւասարութիւնը ա՛յս է ահաւասիկ, որուն օրն ու ժամը ո՛չ ոք գիտէ: Մահը, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւնները իրենց այլազան տեսակներով, ո՛չ թագաւոր կը ճանչնան, ո՛չ ալ իշխան, ո՛չ հոգեւորական, ո՛չ ալ աշխարհական, բոլոր մարդիկ ահա թէ ինչպէս նոյն հարթակին վրայ կը կանգնին, սպասելով համայնական վախճանին:
Ճատրակի խաղը մարդկային կեանքի ելեւէջներուն, վերիվայրումներուն, տագնապներուն, իղձերուն եւ ձգտումներուն շօշափելի օրինակն է: Մենք մեր մատներուն ծայրերով կը բռնենք թագաւորն ու թագուհին անոնց գլխուն դրուած խաչանիշ թագերէն, եւ խաղի կանոններուն համաձայն, երբեմն մեր իմաստութեամբ եւ երբեմն ուրիշին կատարած սխալին հետեւանքով, կը տանինք հոն ուր պէտք է ըլլան: Երբեմն ալ անոնք անժամանակ «կը մահանան»: Պարզ զինուոր մըն ալ կրնայ այս խաղին մէջ յաղթել թագաւորին: Թագուհին իր ամբողջ փառքով երբեմն կը շրջապատուի զինուորներով, որոնք կը պաշտպանեն զինք եւ բարձրագոյն ու անհպելի դիրքի վրայ կը պահեն: Սակայն, վե՛րջն է կարեւորը: Իտալական առածը կ՛ըսէ. «Վերջաւորութեան թագաւորն ու զինուորը նոյն տուփին մէջ կը մտնեն»: Այսինքն երբ խաղը վերջանայ եւ խաղացողները իրենց պատկանող քարերը հաւաքեն, որոնց մէջ կան երկու թագաւորներ, երկու թագուհիներ, ձիեր ու զինուորներ, բոլորն ալ նոյն տուփին մէջ կը մտնեն եւ տուփը կը փակուի…:
Կեանքի «խաղ»ն ալ նոյնը չէ՞: Ինչպիսի դիրքերու ալ հասնինք, վերջաւորութեան դագաղին մէջ պիտի մտնենք, մահուամբ հաւասարելու համար իրարու:
Իցի՜ւ, թէ այս մասին աւելի շուտ մտածենք: