ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աշխոյժ աշխատանք կը տարուի «Ատրպէյճանի ներքին տեղահանուած անձերու իրավիճակին մասին» ձեւակերպումով Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Իրաւական յանձնախումբին հասած բանաձեւը հեռացնելու համար, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութիւններու պատասխանատու Էլիզապեթ Ջուլճեան:
Ըստ անոր՝ քոնկրեսականներու հետ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այդ ձեւակերպումը վերցուի Ներկայացուցիչներու տան կամ Ծերակոյտի յանձնախումբերու բանաձեւերէն։
«Բանաձեւը Հայաստանի կամ Արցախի դէմ պատժամիջոցներու տարրեր չի պարունակեր եւ չի կրնար ունենալ քաղաքական ուղիղ հետեւանքներ, սակայն անոր ընդունուիլը անընդունելի է: Անընդունելի է նաեւ այն, որ ամերիկեան օրէնսդիր մարմինները դեռ չեն անդրադարձած Սումգայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու վայրագութիւններու հառցին», կ՛աւելցնէ Ջուլճեան: