ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համայնքային եւ քաղաքացիական իրաւանց գործիչ Էլէն Ասատրեան անցեալ Մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն 22,339 քուէ ապահովելով՝ ընտրուած էր Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։ Անցնող շաբաթավերջին, առցանց կատարուած երդման արաձրողութենէն ետք, ան պաշտօնապէս ատանձեց իր նոր պաշտօնը եւ Կեդրոնական կոմիտէին մէջ պիտի ներկայացնէ գաւառին 43րդ ընտրատարածքը:
Ասատրեան դպրոցական տարիներէն ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է քաղաքացիական կեանքին, դէմ դնելով խտրականական օրէնքներու՝ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով զանազան յանձնախումբերու եւ մարմիններու մէջ: Ան եղած է Կլենտէյլ քաղաքի Զբօսավայրերու, ժամանցի եւ համայնքային սպասարկութիւններու յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ ու նոյն քաղաքի այլ յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի ընտրողներ արձանագրելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբին:
Ասատրեան մասնակցած է Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան վերաբերող շարք մը քաղաքական ընտրապայքարներու եւ ժողովրդային արշաւներու, տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Ան անդամակցած է եւ կը շարունակէ անդամակցիլ համայնքային շարք մը կազմակերպութիւննեռու, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, ու եղած է նաեւ Կլենտէյլի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու գործադիր վարիչը: Ան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր մասնագիտացած է քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ:
Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն իր տեսակին մէջ մեծագոյն մարմինն է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 2.7 միլիոն դեմոկրատներ: