ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին նախաձեռնած Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարուած էր Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք:
«Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Պապուճեան կեդրոնին 4րդ տարեդարձին առիթով «Ասպարէզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին տեղեկութիւններ տուաւ կեդրոնին հաստատման եւ հոն տարուուղ աշխատանքներուն մասին։
Վերջին չորս տարիներուն, կեդրոնը այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայր հանդիսացաւ՝ կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա վերածուեցաւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայրի մը, նոյն ժամանակ նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման:
Կեդրոնը նաեւ կը գործածուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Երիտասարդաական Ջոկատներ»ուն եւ ՀՄԸՄի կողմէ։
Անսալով «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին՝ Շամլեան Ազգային վարժարանի աշակերտները եւ գրադարանը հայերէն եւ անգլերէն առաւել քան 1500 մանկական գիրքեր հաւաքելով՝առաքեցին Գիւմրիի «Նանուլիկ» մանկապարտէզին։
Յիշեցնենք, որ նշեալ մանկապարտէզը, որ կառուցուած էր Գիւմրիի 1988ի երկրաշարժէն ետք, իբրեւ ժամանակաւոր կառոյց՝ մինչեւ վերջերս կը շարունակուէր գործածուիլ հակառակ անոր, որ ջեռուցման, ջուրի եւ կոյուղիի համակարգեր չունենալուն իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ հասած էր վտանգաւոր ըլլալու հանգրուանին: «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած Հայրենական նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, համագործակցելով «Վարդանանց Ասպետներ եւ Դուստրեր»ու Օրենճ Քաունթիի դահլիճին եւ Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին հետ՝ իրականացուցին «Նանուլիկ» մանկապարտէզի վերանորոգութիւնը:
«Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը նաեւ կը տնօրինէ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզի ուսման մակարդակը բարձրացնելու հեռանկարով նիւթական յատկացումներ կը կատարէ շրջանի համալսարանական ուսանողներու: Ցարդ 30 ուսանողներ կրթանպաստներ ստացած են։
Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին ի նպաստ 15,000 տոլար թիրախով դրամահաւաքի արշաւի մը նախաձեռնուած է՝ www.gofundme.com կայքին միջոցաւ։ Նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել www.gofundme.com/f/Wearegyumriyouthcenter կայքէջը, կամ գումարը ուղարկել ACF Shirak Youth Center, 104, N. Belmont Avenue, Suite 300, Glendale, CA 91206 հասցէին։