ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- Փրոֆ. Ճան Պիլեզիկեան ստացաւ ամերիկեան Ուիլեըմ Ֆ. Նէյմընի անուան հեղինակաւոր մրցանակը, որ կը շնորհուի ոսկրամկանային համակարգի բուժման բնագաւառին մէջ բացառիկ ներդրում ունեցած գիտնականներուն:
Տոքթ. Ճան Պիլեզիկեան «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ դասախօս է եւ նոյն համալսարանին բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան քոլեճի ոսկորներու հիւանդութիւններու ծրագիրի տնօրէնը: Ան նաեւ բժշկական կեդրոնի միջազգային ուսուցման եւ ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի փոխատենապետն է։
Հայաստանի առողջապահական համակարգին երկար տարիներէ ի վեր օժանդակութիւն ցուցաբերող փրոֆեսէօրը 2017ին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց տենսիթոմեթրի միջազգային ուսուցումը, ոսկրախտի (օսթէոփորոզ-osteoporosis) միջազգային հիմնարկիմ, Տենսիթոմեթրի (densitometry-խտաչափութիւն) համաշխարհային ընկերակցութեան եւ Օսթէոփորոզի հայկական ընկերակցութեան հետ, իսկ 2019ին Հայաստանի մէջ հիմնադրեց Օստէոպփորոզի կեդրոնը։