ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Տիֆենս Նիուզ».- Անցեալ տարի Սպիտակ տունը պաշտօնապէս յայտարտարեց, թէ «Էֆ. 35» արդիական ռազմական օդանաւերու ծրագիրին՝ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը պիտի կասեցուի, Ռուսիայէն «Էս. 400» հակաօդային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումին իբրեւ արդիւնք։
Թուրքիա կը փափաքէր գնել այդ օդանաւերէն մօտաւորապէս 100 հատ, որոնցմէ ութը արդէն իսկ արտադրուած էին: Այս շաբաթ, օդանաւերը արտադրող ամերիկեան «Lockheed Martin» ընկերութիւնը, թուրքերուն համար զետեղուած գրութիւնները փոխարինեց նորերով, զանոնք յանձնելով ամերիկեան օդուժին։
Թուրքիա միլիառաւոր տոլարի կորուստներ կրեց ծրագիրէն դուրս մնալուն պատճառաւ, որովհետեւ թրքական կարգ մը ընկերութիւններ կ՛արտադրէին օդանաւին համար մասեր, որոնք այժմ կը կատարուին ամերիկեան կամ եւրոպական ընկերութեանց կողմէ։