ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- Ի հետեւումն Հայաստանի վրայ ատրպէյճանական սադրիչ յարձակումներուն ու բռնարարքներուն եւ ընդառաջելով Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին ու շրջանային յանձնախումբերու կոչին՝ Գանատայի նահանգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ գրութիւններով դատապարտեցին ատրպէյճանական բռնութիւնները։
Քեպեք նահանգի խորհրդարանի անդամ Մարուա Ռիզքի իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի զինեալ յարձակումները Հայաստանի վրայ, յորդորելով վերջ տալ բռնարարքներուն եւ անսալ խաղաղութեան կոչին: Նոյն նահանգի խորհրդարանի անդամ Կի Ուէլեթ, անդրադառնալով Հայաստանի սահմանամերձ գիւղի մանկապարտէզի ռմբակոծման՝ դատապարտեց անմարդկային արարքը, եւ իբրեւ Արցախի բարեկամ՝ իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին՝ նշելով, որ բռնութիւնը երբեք լուծում չէ յատկապէս համաճարակի այս օրերուն: Անոնց պաշտօնակիցներ Նիքոլ Մենարտ եւ Քրիսթին Սան-Փիեռ, դատապարտելով Ատրպէյճանի արարքները՝ նշեցին, որ հայ համայնքին հետ են:
Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի հայազգի անդամ Արիս Պապիկեան, անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահին Մեծամօրի հիւլէակայանի ռմբակոծման սպառնալիքներուն՝ յայտնեց, որ Ատրպէյճան սպառնալիք է Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի բնակչութեան համար եւ այդ սպառնալիքը ցեղասպանական յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ: Ան պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ գործողութիւնները: