ԱՆԳԱՐԱ․- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին օրերուն պատահած հակամարտութիւններուն ընթացքին մահացան բազմաթիւ զինուորներ եւ քաղաքացիներ։ Երբ կողմերը զիրար կը մեղադրէին հակամարտութիւնը սկսելուն մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, թէ «անընդունելի է Հայաստանի ըրածը։ Ատրպէյճան առանձին չէ։ Մենք՝ իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն եւ թուրք ժողովուրդ, մեր բոլոր կարելիութիւններով կանգնած ենք Ատրպէյճանի կողքին»։
Այս գծով, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան նամակով մը դիմեց նախարարին՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա, իբրեւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ծագած հակամարտութեանցլուծման նպաստող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի անդամ, պէտք է աշխատէր տագնապին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ կամք արտայայտել, մինչդեռ այս լարուածութեան ընթացքին անիկա ցեղային պատճառներով անկողմնակալ չեղաւ եւ կատարեց լարուածութիւնը սաստկացնող յայտարարութիւններ։
Յիշեցնելով, որ նման յայտարարութիւններով հանդէս եկան նաեւ նախագահ Էրտողան եւ պաշտպանութեան նախարար Աքար՝ Փայլան կը յղէ կարգ մը հարցումներ.
– Թուրքիա կ՛ուզէ աւելի ռազմամթերք վաճառել Ատրպէյճանին։ Լարուածութիւնը այս պատճառո՞վ կը սաստկացնէք։
– Կը մտածէ՞ք զինուորներ առաքել Ատրպէյճան։
– Հակամարտութեան մէջ ցեղայի՞ն պատճառներով կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէք։
– Դեռ չէ՞ք հասկցած, որ Կովկասի ապակայունացումը շահաբեր է միայն Ռուսիոյ։
– Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն սպառնալիքը, ըստ որուն անոնք պատրաստ են հարուածելու Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող հիւլէակայանը։