ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ բաց նամակով մը դիմեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն՝ շեշտելով, որ յառաջիկայ տարեշրջանի ամավարկին մէջ անպայման աջակցութիւն տրամադրեն Արցախի Հանրապետութեան։
Ան կը գրէ, թէ իբրեւ ատենապետը Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին՝ կենսական կը համարէ, որ ամերիկեան մարդասիրական աջակցութիւնները շարունակուին Արցախին, իրեն համար պատիւ մը համարելով այն իրողութիւնը, որ կ՛ապրի Արցախի անկախութիւնը ճանչցած նահանգին մէջ եւ թէ առիթը ունեցած է Արցախի այցելելու։
Փորթանթինօ նաեւ կը յիշեցնէ, թէ 2000էն ի վեր, ամերիկեան աջակցութեամբ կարելի եղած է ականազերծել երկրին մէկ կարեւոր մասը, յոյս յայտնելով, որ շարունակուող աջակցութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ամբողջացնել Արցախի ականազերծումը։