ՓՐԵՄԸՍ, Նիւ Ճըրզի – Հակառակ օրէ օր աճող դժուարութիւններուն, Լիբանանի Հայ աւետարանական Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ աւետարանչականի օժանդակութեան բաշխումի ծրագիրի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է։
Սնունդի եւ կենցաղային այլ կարիքներու երկու մեծ բեռնատարներ ժամանեցին 16 Յունիսին, Ընկերային ծառայութեան Թրատ թաղամասին կեդրոնը։ Սննդեղէնները եւ կենցաղային կարիքներու մթերքը պահեստաւորուեցան Պէյրութի շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու երիտասարդական խումբերու կամաւորներու կողմէ։ Յաջորդող երկու օրերուն, կամաւորները բծախնդիր աշխատանքով կրցան իրենց պարտականութիւնը աւարտել մինչեւ իրենց տրուած ժամկէտը։
Երիտասարները պաշարը փաթեթաւորեցին երկու տարբեր ծրարներու մէջ՝ զատորոշելու համար սննդեղէնը եւ այլ կարիքները ու տեղադրեցին զանոնք յատուկ տուփերու մէջ։ Անոնք բաժնեցին 200 տուփ եւ 400 տոպրակ՝ 200 կարիքաւոր ընտանիքներու, իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ տուփ եւ երկու տոպրակ։
Ծրարներուն մէկ մասը բաժնուցաւ կեդրոնին մէջ, իսկ մնացածը հասցուեցաւ նշանակուած տուները։ Ծրարներու յանձնումէն ետք ստեղծուեցան նաեւ կարճ աղօթքի հնարաւորութիւններ։
Օգնութիւն ստացող ընտանիքներու մէջ կային անոնք, որոնք շարունակ տառապած են նիւթական դժուարութիւններէ եւ ուրիշներ՝ որոնք վերջերս կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը կամ կը ստանան իրենց աշխատավարձին միայն 25 տոկոսը՝ ստեղծուած տնտեսական իրավիճակին կամ համաճարակին պատճառով։
Շնորհիւ բարերարներու աջակցութեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կրցաւ օժանդակել 200 կարիքաւոր ընտանիքներու։ Օգնութիւնները բաժանելէն մէկ օր ետք, Հայ աւետարանական Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը արդէն հեռաձայններ ստացաւ նպաստընկալներէն՝ յայտնելով, թէ առաջին անգամն էր, որ իրենք կը ստանային այսքան առատ եւ որակեալ ծրարներու նուիրատուութիւն։
«Հակառակ մեր միտքերուն եւ հոգիներուն վրայ ճնշող սարսափելի հեռանկարին՝ կարիքաւոր ընտանիքներու ուտելիք բաժանելու ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կամաւորներուն վկայութիւնները մեզի կու տան յոյսի, քաջալերանքի եւ իրագործումի փայլք», ըսաւ Զաւէն Խանճեան՝ աւետարանչականի գործադիր տնօրէնը՝ աւելցնելով․ «Այս ծառայութիւնը պիտի չմնայ մէկուսացած գործունէութիւն, այլ պիտի շարունակուի»։
Եթէ կը փափաքիք աջակցիլ աւետարանչականին, որպէսզի անիկա շարունակէ հասնիլ համաճարակին պատճառով տառապող մարդոց եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մեր տառապող ժողովուրդին՝ կրնաք դիմել (201) 265-2607 թիւին կամ այցելելով www.amaa.org կայքը։