ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց հայ-ատրպէյճանական սահմանային բախումներուն՝ քննադատելով Հայաստանի զինուած ուժերուն գործողութիւնները եւ զանոնք որակելով «յարձակողապաշտ ազգայնամոլական գաղափարներու նոր դրսեւորումներ»։
Անգարա ցաւակցութիւն յայտնեց «բարեկամ եւ եղբայր» Ատրպէյճանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ ատրպէյճանական բանակի կորուստներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Տարածուած յայտարարութեան մէջ կը պնդուի, որ Հայաստան այս արարքով կ՛ուզէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել «Ատրպէյճանի տարածք Լերնային Ղառաբաղի եւ շրջակայ տարածքներու ապօրինի բռնագրաւումէն»։
«Հայկական կողմը պէտք է հրաժարի նման վտանգաւոր մարտավարութենէ, պէտք է ընտրէ ողջախոհութիւնը եւ իրաւական ճանապարհը։ Սեփական կարողութիւնները գերազանցող նպատակներու համար արկածախնդրութեան դիմելը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան կը հանդիսանայ մեծագոյն խոչընդոտը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան։ Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի կողքին՝ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անոր պայքարին մէջ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընը գրած է հետեւեալը․ «Խստօրէն կը դատապարտեմ Հայաստանի կողմէ իրականացուած յարձակումը»։
I give up. I can’t stress my anger any longer towards these governments. So what he is saying is, Armenia is supposed to sit and wait for Azerbaijan to attack and surrender without fighting back? Don’t these so called politicians realize that Russia is waiting for that perfect opportunity to “help” Armenians and finally take control over Baku? And all their resources… I don’t if they are in agreement with Russia and they are just playing their part… Or they are simply playing dumb… Either way, may God be with innocent young men and women of Armenia who are ready give their lives in the name of peace! And young men and women of Azerbaijan, may they realize their fight does not bring their families honor.