ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն»․- Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 13 Յուլիսին անցաւ 13 միլիոնի սահմանը, իսկ մահացածներուն թիւը՝ 570,000ի։ Բուժուած են առաւել քան 7․6 միլիոն վարակուածներ։
Ամէնէն մտահոգիչ վիճակին մէջ կը գտնուի Միացեալ Նահանգները, ուր անցնող շաբաթավերջի ամէն օր արձանագրուեցան միջին հաշիւով օրական առնուազն 60,000 վարակման նոր պարագաներ: Ի տարբերութիւն առաջին ալիքին, որուն կիզկէտը Նիւ Եորքն էր, այժմ ժահրը արագօրէն կը տարածուի հարաւային եւ արեւմտեան նահանգներուն մէջ, յատկապէս՝ Ֆլորիտայի, Թեքսասի, Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի, Ճորճիայի եւ Լուիզիանայի մէջ: Միայն Ֆլորիտայի մէջ, վարակուած անձերուն թիւը աւելացաւ 15,300ով, ինչ որ նոր մրցանիշ մըն էր նահանգին համար համաճարակի բռնկումէն ի վեր:
Շարք մը մասնագէտներ այս վիճակը արդիւնքը կը համարեն դիմակ կրելու դէմ նահանգին մէջ շաբաթներ առաջ սկսած պայքարին։
Դիմակ կրելու գաղափարին ըննդիմացող նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղի տուաւ Կիրակի օր՝ սեւ դիմակ մը կրելով։
Նաեւ, 12 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին վարակուած 18 քաղաքացիներ մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 3322 նոր պարագաներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 133,549 վարակումներ եւ 3809 մահեր: Ներկայիս, վարակուած անձերներուն 2093ը հիւանդանոցային խնամք կը ստանայ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 327,000ի սահմանը․ արձանագրուած են 7051 մահեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար՝ 3.4 միլիոն եւ 137,803 են:
Վարակուածներու թիւով Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.87 միլիոն, 889,397 եւ 733,699 վարակուածներ: