ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի քաղաքի իշխանութիւնները կը տեղեկացնեն, թէ 3 Նոյեմբերին կայանալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցիլ փափաքող թեկնածուները պէտք է դիմումները ներկայացնեն 13 Յուլիսէն 7 Օգոստոսի միջեւ։
Ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան քաղաքապետական խորհուրդի երկու թափուր աթոռները լեցնելու եւ քաղաքի գանձապահի պաշտօնին համար։
Մանրամասնութիւններու համար դիմել (818) 238-5851 թիւին կամ cityclerks@burbankca.gov հասցէին։