ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Վերջին քանի մը օրերուն, օրական միջին հաշիւով 45-50 հազար նոր վարակումներ արձանագրած Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ 3 միլիոնի սահմանը եւ ցարդ համաճարակին զոհ գացած են առնուազն 132,678 ամերիկացիներ եւ ապաքինած են 1․3 միլիոն ուրիշներ։
Ամէնէն արագ աճը կը շարունակուի արձանագրուիլ Ֆլորիտայի մէջ, միջին հաշիւով՝ օրական 9-10 հազարով։ Նիւ Եորքէն եւ Քալիֆորնիայէն ետք, որոնք շատ աւելի մեծ թիւով բնակչութիւն ունին, Ֆլորիտա ներկայիս 3րդ դիրքը կը գրաւէ ամէնէն շատ վարակուածներ ունեցող նահանգներու ցանկին վրայ։
Վարակումները աճ կ՛արձանագրեն 32 նահանգներու մէջ։
Նաեւ, 5 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, որ նախորդող երեք օրերուն, Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են վարակման 7232 նոր պարագաներ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 265,000ի․ արձանագրուած են 6373 մահեր:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 11.5 միլիոնի սահմանը, իսկ մահերուն թիւը՝ 538,000ի: Ապաքինած են մօտաւորապէս 6․6 միլիոն վարակուածներ:
Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 1.6 միլիոն, 712,920 եւ 687,862 վարակուածներ: