Աւելի քան կէս դարէ վեր, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Ազգային վարժարանները կը գոյատեւեն անխափան ընթացքով: Ազգային վարժարանները յարատեւ վերելք արձանագրելով՝ կերտած են հայ սերունդներ, որոնք իրենց ազգային դիմագիծով, ոգիով, կրթութեամբ եւ գիտակցութեամբ անբողջական հայեր եւ պարկեշտ ամերիկացի քաղաքացիներ են:
Խնամակալ մարմինը աչալրջութեամբ եւ բծախնդութեամբ կը հետեւի առաւել քան 3050 հայ աշակերտներու կրթութեան ու մանաւանդ հայեցի դաստիարակութեան: Ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ աշակերտութինը եւ վարժարանները գերազանցօրէն ծաղկեցնելու համար: Մեր առաքելութիւնն է՝ կերտել հայ մարդը, որ թէեւ կ՛ապրի հայրենիքէն հեռու, սակայն կ՛ապրի ընձիւղուած՝ «հոգեւոր հայրենիք» ըմբռնումին հետ եւ տոգորուած ազգային ինքնութեան համեստ եւ արդար հպարտութեամբ:
Մեր վարժարանները ազգային դիմագիծով կերտուած ազնիւ փաղանգներ տրամադրած են մեր ազգին, միշտ կը մնան պատնէշի վրայ՝ ծառայելով ազգին, հայրենիքին եւ գաղութին:
Այսօր, համաճարակին պատճառած ծանր պայմաններուն մէջ անգամ մեր վարժարանները կը շարունակեն իրենց կրթական, դաստիարակչական եւ ազգային առաքելութիւնը: Հարկ կը համարենք մեր վարժարաններուն տարիներու արգասաբեր ընթացքին, յաղթական աւանդին եւ անոնց շնորհալի հունձքերուն մասին խօսիլ ու զանոնք ներկայացնել արժանավայել կերպով: Այս իմաստով՝ կը ներկայացենք տեսաժապաւէններու շարք մը՝ հաւատալով, որ Ազգային վարժարաններու ձեռքբերումները եւ մարտահրաւէրները գաղութին սեփականութիւնը պէտք է դարձնել: Յոյս ունինք, որ մեր գաղութը այս օրերուն առաւել եւս նեցուկ պիտի կանգնի մեր վարժարաններուն: Այսօր զօրակոչի կ՛ենթարկենք մեր բարոյական եւ նիւթական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ պահպանելու համար Հայ Սփիւռքին ողնայարը համարուող Ազգային վարժարանը եւ Հայ Ազգի ապագան՝ հայ աշակերտը:
Տնտեսական ճգնաժամը մեղմացնելու համար հիմնուած Աշակերտական Կրթանպաստ Ֆոնտը, պիտի ծառայէ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան կարիքներուն: Հայ ընտանիքները անմասն չմնացին համաճարակին անախորժ ազդեցութիւններէն: Հետեւաբար, նպատակայարմար էր այս օրերուն ստեղծել այնպիսի դրութիւն մը, որուն նպաստով օժանդակած պիտի ըլլանք մեր աշակերտներուն, որոնց ընտանիքները անմիջականօրէն կրած են եւ պիտի կրեն համաճարակին հետեւանքները: Հայ աշակերտին արդար իրաւունքն է բարձր մակարդակով ուսում եւ կրթութիւն ստանալը, տիրող պայմաններուն թելադրանքէն անկախ: Վստահ եղէք, որ ձեր նուիրատուութիւնները անմիջականօրէն պիտի նպաստեն մեր աշակերտներուն կրթական կարիքներուն:
Յարգելի հայրենակիցներ, Ազգային վարժարանները կանգուն են մեր բոլորին միացեալ եւ գիտակից կեցուածքներով: Վեց տասնամեակներու մեր փորձը ամրակուռ խարիսխ մըն է, Ազգային վարժարանի անգնահատելի առաքելութեան շարունակութեան համար: Նեցուկ կանգնինք մեր աշակերտներուն, ապահովելու համար անոնց բարձր կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը:
Այցելեցէք մեր կայքը՝ www.prelacyschools.org, եւ կատարեցէք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ