ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) եւ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան (ՆԱՈՒՄ) անդամները Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան մարզերու մէջ հարիւրարաւոր ընտանիքներու օգնութեան ծրարներ տրամադրեցին։ 3 Յունիսին, դաշնակցական երիտասարդները սկսան Լոռիի մարզին մէջ օգնութեան ծրարներու բաշխումը։ «Օգնիր հայրենակցիդ» նախաձեռնութեան միջոցով ցարդ 1600 ընտանիքներու օժանդակութիւն տրամադրուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.