ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, 31 Մայիսին, Հոգեգալուստի տօնին, պետական ուղղութիւններու հետեւողութեամբ, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիները վերաբացին իրենց դռները։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, նոյն օրը, Հանրապետական Մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 102րդ տարեդարձին առթիւ։ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։
Նախքան քարոզը, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանքի հոգեպարար արարողութիւնը, որուն ընթացքին սրբազանը օրհնեց հայրենիքի դրօշը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած մեր հայրենիքի, ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին բարօրութեան ու պանծացման համար։
Իր քարոզին սկզբնաւորութեան, ան նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ երկու ամիսներ ետք Հայ եկեղեցւոյ զաւակները դարձեալ ֆիզիքապէս կը համախմբուին Իր տան մէջ՝ գոհութիւն յայտնելու եւ Անոր կենարար ներկայութիւնը վայելելու համար։ Ապա, ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հոգեգալուստի տօնին խորհուրդը՝ վեր առնելով Ս. Հոգւոյ շնորհքներուն ներգործութիւնը ոչ միայն անցեալին, այլ մանաւանդ մերօրեայ կեանքին մէջ։
Զուգահեռներ գծելով Հոգեգալուստի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան ու հիմնադրութեան զոյգ տօներուն միջեւ, առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ երկու տօներն ալ իրենց մէջ կը բովանդակեն Աստուծոյ նախախնամութիւնը, Ս. Հոգւոյ ներգործութիւնը, սէրը, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, հաւատարմութիւնը, յարատեւութիւնը, կամքը, կորովը եւ քաջութիւնը՝ ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը առաջի՛ն ազգն էր, որ ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ապրեցաւ զայն իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին։
«Ցեղասպանութենէն ետք, հայ ազգը յարութիւն առաւ ու Քրիստոսի ուսուցումներուն հաւատարիմ մնալով եւ Ս. Հոգւոյ իմաստութեամբ, առաջնորդութեամբ եւ ներգործութեամբ՝ յարատեւեց, պայքարեցաւ եւ կերտեց իր առաջին անկախութիւնը», ըսաւ ան։
Այնուհետեւ, առաջնորդը շեշտեց, որ Հոգեգալուստի այս տօնին բոլորս հրաւիրուած ենք վերանորոգելու մեր հաւատքի յանձնառութիւնը եւ հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան ուխտը, եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ Ս. Հոգին Ի՛նք առաջնորդէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, բնակութիւն հաստատէ մեր հոգիներէն ներս, լուսաւորէ ու մաքրազարդէ մեզ եւ մեր մեղքերու մառախուղը մաքրէ, որպէսզի մեր կեանքը շարունակենք ապրիլ արդարութեամբ, հաւատարմութեամբ, յանձնառութեամբ եւ հաւատքի վերանորոգութեամբ։
Պատարագին աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։