ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր ձայնը միացնելով «Ի Պաշտպանութեան Քրիոստոնեաներու» եւ Յունաամրիկեան ղեկավարման խորհուրդին ձայներունխ՝ կոչ ըրաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕին, որ անյապաղ հակադարձէ Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը դարձեալ մզկիթի վերածելու ջանքերուն։
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտած էր Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Քորանի ընթերցումը եւ նամազը: «Այդպիսի քայլեր կը վիրաւորեն միջազգային ընտանիքը. Թուրքիա պէտք է յարգէ համաշխարհային մշակոյթի ու բնական ժառանգութեան պահպանութեան ուխտը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕն, որուն անդամ կը նկատուի ան», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ աղօթքի ընթերցումը կը խախտէ 1935ին թանգարանի վերածուած տաճարի կարգավիճակը: