
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Երկուշաբթի օր, երբ քաղաքացիներ խաղաղ ցոյց մը կը կատարէին Սպիտակ տան առջեւ, երկրին նախագահը հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութեամբ՝ պնդելով, որ երկրին տարածքին «ներքին ահաբեկչութեան գործողութիւններ» կ՛իրականացուին ցուցարարներու կողմ՝, եւ խոստացաւ բանակին միջամտութեամբ զսպել զանոնք։
Այս յայտարարութենէն առաջ իսկ շարք մը նահանգերու մէջ արդէն հաստատուած էին ազգային պահակագունդէն զօրաբաժիններ, որոնք որոշ չափով կրցան զսպել խռովութիւնները եւ գողութիւնները։
Սակայն, բանակով հակադարձելու Թրամփի սպարնալիքը չկրցաւ զսպել երկրին տարածքին շարունակուող գլխաւորաբար խաղաղ ցոյցերը, որոնցմէ ոմանց ընթացքին աւազականեր դաձեալ շահագործեցին այն իրողութիւնը, որ ոստիկանները այլապէս զբաղած են, եւ իրենց գողութիւնները կատարեցին։
Բողոքի ցոյցերը սկսած էին դատապարտելու ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը։ Ֆլոյտի ընտանիքը դարձեալ կոչ ըրաւ ցուցարարներուն, որ վերջ տան բռնարարքներուն։
Լոս Անճելըսի մէջ, ուր երեկոյեան փողոց ելլելու առգելքը շարունակուեցաւ, ցոյցեր տեղի ունեցան եւ Վեն Նայսի, Հոլիվուտի եւ այլ վայրերու մէջ դարձեալ քանի մը գողութիւններ եւ ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան։
