ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 1 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանին հետ։
Ողջունելով նորընտիր նախագահը՝ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ Արթուր Թովմասեանի գործունէութիւնը արդէն նոր կարգավիճակի մէջ աւելի քան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ այդ առումով երկու հայկական հանրապետութիւններուն խորհրդարաններու աշխատանքը մեծապէս պիտի օգտուի:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծեց, որ թէ՛ օրինաստեղծ դաշտին մէջ, թէ՛ քաղաքական քննարկումներու հարթակին վրայ երկու պետութիւնները ունին կայացած աւանդոյթներ, զորս անհրաժեշտ է առաւել եւս հարստացնել: Այս պարունակին մէջ, ան անդրադարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքներուն կարեւորութեան եւ մնայուն յանձնաժողովներու փոխգործակցութեան:
Թովմասեան վստահեցուց, որ նորընտիր Ազգային ժողովը շահագրգիռ է Հայաստանի օրէնսդիր մարմինին հետ համագործակցութեան աւելի արդիւնաւէտութեան։ «Արցախը կը լինի անվտանգ, եթէ մենք ունենանք կայուն Հայաստան եւ հզօր Սփիւռք», հաստատեց Արթուր Թովմասեան:
Ըստ անոր՝ եթէ օրակարգային երեք հարցերու մէջ՝ Արցախի հիմնահարց, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ անվտանգութիւն, ըլլայ համայն հայութեան աջակցութիւնը, անպայման յաջողութիւն կ՛արձանագրուի:
Արարատ Միրզոյեան իր կարգին բարձր գնահատեց միջխորհրդարանական համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ համաձայնութիւն յայտնեց, որ բոլոր հարցերը կարելի է եւ պիտի յաղթահարուին միացեալ ուժերով: «Հայաստանը եւ Արցախը նոյն հայրենիքի մասերն են, եւ մենք պէտք է միասնական օրակարգով առաջ գնանք», շեշտեց ան:
Կողմերը անդրադարձան Արցախի Ազգային ժողովի աշխատակազմի հմտութիւններու հետագայ կատարելագործման հարցին եւ այս պարունակին մէջ ընդգծեց երկու խորհրդարաններուն աշխատակազմերու ղեկավարներու մակարդակի վրայ սերտ կապերու հաստատման, աշխատակազմերու միջեւ փորձառութեան փոխանակման կարեւորութիւնը: