ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ` հայոց պետականութեան վերականգնման տօնին առթիւ, Արցախի մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը։ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ մարմիններու անդամներ, երիտասարդներ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնէն երթով ուղղուեցան դէպի Բեկորի յուշակոթողը, որուն դիմաց տեղի ունեցաւ խոստման ու երդման արարողութիւններ, եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան ու ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի շարքերը համալրուեցաւ նորագիրներով:
Այնուհետեւ տօնական օրը շարունակուեցաւ խարոյկի շուրջ՝ նշելով մայիսեան յաղթանակները եւ հայոց պետականութեան վերականգնումը:
ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Սերգէյ Շահվերդեան, շնորհաւորելով ՀՅԴ ԱԵՄի շարքերը անցած երիտասարդները՝ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միատեսակ, միակերպ մտածելակերպով կը համախմբէ աշխարհով մէկ սփռուած հայերը: «Կան բազմաթիւ, բազմանպատակ երիտասարդական միութիւններ, բայց դուք բացառիկ եք, որովհետեւ դուք միաւորւում էք սրբազան գաղափարի շուրջ եւ սկսում էք մաս կազմել համահայկական կազմակերպութեան», յայտնեց Ս. Շահվերդեան:
ՀՅԴ շարքերը անցած ընկերներուն կնքահայրը ազատամարտիկ Հրաչ Թադեւոսեանն էր: Ան, ներկաները շնորհաւորելով Մայիս 28ի ազգային-պետական կարեւորագոյն տօնին առիթով՝ վստահութիւն յայտնեց, որ որպէս նախորդներու շարունակութիւն, նոր սերունդն ալ իր նպաստը պիտի բերէ պետութեան կայացման, ամրացման, հզօրացման գործին:
Հրաչ Թադեւոսեան խորհրդանշական համարեց երդման արարողութեան վայրը, քանի որ Աշոտ Բեկորի նման հայրենիքի զաւակներ պարգեւած մարդիկ անպարտելի են: «1918թ. պետականակերտման գործի շարունակութիւնը եղաւ Արցախեան շարժումը եւ անկախութեան հռչակումը: Եւ թէպետ շատ թանկ գնով, բայց այդ յաջողութիւնը ամրագրուեց նաեւ Արցախի հինաւուրց եւ սրբազան տարածքում: Մեր նոր սերնդի ներկայացուցիչները՝ երիտասարդները, պէտք է աւելի ուշադիր լինեն եւ ներկայ լրահոսի, զանազան թիւրիմացութիւնների այս տեղապտոյտի մէջ կարողանան ճշմարիտ արժէքները գնահատել եւ ընթանան իրենց սրտի թելադրած ճանապարհով», նշեց Հրաչ Թադեւոսեան:
Ըստ անոր՝ պետականութեան ակունքներուն մէջ կանգնած քաղաքական կազմակերպութեան անդամակցելով՝ նորագիրները կարելիութիւն պիտի ունենան ՀՅԴի փորձառութիւնը, կարելիութիւնները ուղղել երկրի շէնացման, զարգացման, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման:
Երդման արարողութենէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, որ նշեց, թէ դաշնակցական ըլլալը բաւական ծանր ու պատասխանատու առաքելութիւն է: Ան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ կարեւոր նկատելով դարաւոր պայքարէ ետք հայոց պետականութեան վերականգնումը:
«Մայիսի 28ին վերականգնուեց դարերով կորցուած պետականութիւնը, որը մեր երազների, նպատակների մարմնացումն է: Այս օրերին աշխարհի տարբեր վայրերում, ուր կայ հայութիւն եւ բնականաբար Դաշնակցութիւն, տօնւում է Մայիսի 28ը: Բայց որտեղ էլ տօնուի, բոլորի ուշադրութիւնն անկեղծօրէն սեւեռուած է Արցախի վրայ, ոչ թէ այն առումով, որ այստեղ ձեւաւորւում է նոր իշխանութիւն, այլ այն առումով, թէ ինչ ուղղութեամբ է շարժուելու Արցախը: Մեզանից իւրաքանչիւրը պէտք է գիտակցի իր առաքելութիւնը, մեզնից իւրաքանչիւրի վրայ կայ այդ պարտականութիւնը», նշեց Դ. Իշխանեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ոչ միայն նորագիրները, այլ նաեւ տասնամեակներ շարունակ ծանր պատասխանատուութիւն կրող դաշնակցական ընկերները, համակիրները, ՀՕՄուհիները, առիթներ ունեցած են եւ դեռ պիտի ունենան պատուով իրականացնելու այդ առաքելութիւնը: