ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
16-17 Մայիս 2020ի շաբաթավերջը յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մեծ ընտանիքին համար։ Բեղուն գործունէութեան երկօրեակ մը, որ անկասկած լաւ յիշողութիւններ ձգեց մասնակցող միութենականներուն մօտ։
Շաբաթ, 16 Մայիսին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Արմաւիր քաղաքին մէջ օրհնութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Արմաւիրի մարզային կեդրոնին, որուն ներքնայարկի կմախքը արդէն իսկ պատուած է եւ անոր վրայ բարձրացող երկու յարկերուն շինարարութիւնը պիտի շարունակուի։
Շրջանի հայ երիտասարդութեան համախմբման խիստ էական նկատուող այս կեդրոնը շօշափելի իրականութիւն դարձաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն նուիրեալ ՀՄԸՄական Էմիլ Մաղագեանի եւ անոր ընտանիքին նուիրատուութեամբ, եւ անիկա պիտի կոչուի «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Վարդան Բախշեան» կեդրոն, անմահացնելով Արմաւիրի մասնաճիւղի հիմնադիր, նահատակ ազատամարտիկ Վարդան Բախշեանի յիշատակը։
Այս ուրախ առիթով, օրհնութեան վայր ժամանած էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, Համաշխարհային սկաուտական շարժման Եւրասիոյ կոմիտէի նախագահ Բագրատ Եսայեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան անդաներ՝ ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, Շուշան Մելիքեան, Սաշէ Նազարեան եւ Խորէն Նազարեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի Մարզային վարչութեան անդամ Ալէն Ասատուրեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ընդհ. խմբապետ Գէորգ Օհանեան, Բախշեան ընտանիքը, Արմաւիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմը, անցեալի խմբապետներ, արի-արենուշներ, գայլիկ-արծուիկներ եւ այլ հիւրեր։
Ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Արմաւիրի մասնաճիւղի վարութեան ատենապետ Նանէ Խլղաթեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը՝ բացատրեց իրագործելի յայտագիրը եւ անդրադարձաւ 1992ին հիմնուած մասնաճիւղին պատմականին, անցած ուղիին եւ սեփական կեդրոն ունենալու երազանքի իրականացման։ Քոյրը մասնաճիւղին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մաղագեան ընտանիքին, որուն նուիրատուութեան շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ նշեալ կեդրոնին շինարարութիւնը։ Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան, մասնաճիւղին խմբապետական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան մասնաճիւղի հզօրացման եւ կեդրոնի իրականացման։
Ապա ան հրաւիրեց շրջանի Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ քահանայ Ինջիկուլեանը, որ օրհնեց կեդրոնին շինարարութիւնը եւ մաղթեց, որ նորակառոյց կեդրոնը շրջանի նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան իսկական կեդրոնը հանսիսանայ։
Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ՀՄԸՄի գեղեցիկ օճախին կառուցումը շնորհաւորեց Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ցաւ յայտնեց, որ անձնապէս չէ ճանչցած Վարդան Բաշխեանը, սակայն անոր մտերիներուն միջոցաւ ճաչցած է անոր էութիւնը՝ ըսելով«Եղբ. Վարդան Բախշեանը բացի սկաուտական, համամարդկային ու մեր ՀՄԸՄական երազանքներից, առաջնահերթ մի մեծ երազանք ունէր, տեսնելու ազգային սերունդ, երկրին նուիրուած, մեր պետութեան, մեր ազգային արժէքների, գաղափարների նուիրուած սերունդ։ Այս կազմակերպական աշխատանքը, այս կեդրոնը ոչինչ կը լինի, եթէ կրելով Վարդան Բախշեանի անունը, մենք չկարողանանք Արմաւիրում դաստիարակել Վարդան Բաշխեանի արժանի սերունդ, որոնք իրանց գործունէութեամբ, իրանց կեանքով, իրանց ուժով մասնակից կը լինեն մեր երկրի պետութեան, մեր երկրի շինարարութեան գործին»։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքները փոխանցեց Սանտրա Վարդանեան, որ անդրադառնալով կեդրոնի անուանումին՝ ընդգծեց, թէ կեդրոնը կրելով Վարդան Բախշեանի անունը մեզի համար կը դառնայ պարտաւորեցնող, յուզիչ եւ մանաւանդ յուսադրող։ Քոյրը վստահութիւն յայտնեց, որ մասնաճիւղի գայլիկներու ծնողները՝ բարեխիղճ շինարարները, մեծ թափով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին կ՛ամբողջացնեն այնքան սպասուած կեդրոնի շինարարութիւնը, որպէսզի անոր բացումը պատշաճօրէն կատարուի եւ անցնի հայրենանուէր իր աշխատանքին։
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրը՝ Այտա Բախշեան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նորակառոյց կեդրոնը իր զաւակին անունով կոչելու որոշումին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի պագայ աշխատանքներուն։
Ապա մասնաճիւղէն գայլիկ մը եւ արծուիկ մը, քահանայ հօր օրհնութեամբ՝ երկու ճերմակ աղաւնիներ բաց ձգեցին դէպի երկինք, իբրեւ խորհրդանիշ՝ խաղաղութեան եւ յաջողութեան։
Այնուհետեւ, ներկաները իրենց բարեմաղթանքները արձանագրեցին գայլիկ-արծուիկները յատկանշող դեղին փողկապի մը վրայ, զոր ապակեայ շիշի մը մէջ զետեղելէ ետք, Այտա Բախշեանի եւ մասնաճիւղի առաջին խմբապետուհի Ռուզան Թամրազեանի կողմէ տեղադրուեցաւ կեդրոնի հիմքին մէջ՝ իբրեւ աշխատանքային մաղթանքներ, կեդրոնին մէջ դաստիարակուող յաջորդող սերունդներուն։
Յուսադրող այս արարողութիւնը վերջ գտաւ միասնական «Տէրունական» աղօթքով։
Մեծապէս տպաւորուած ներկաները, Սարդարապատի յաղթանակը խորհրդանշող յուշարձանին՝ սկաուտական փողկապով զարդարուած գեղեցիկ կրծքազարդը ստանալէ ետք, հիւրընկալուեցան մասնաճիւղի գործունեայ անդամներէն Սիրակ եւ Յասմիկ Այվազեաններու բնակարանը։ Հրամցուած համադամ ճաշերուն կողքին, ներկաները խրախճանքի ուրախ մթնոլորտի մը մէջ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին կեդրոնին մէջ տարուելիք աշխատանքնրուն նկատմամբ եւ յոյս յայտնեցին, որ անիկա Արմաւիրի մարզի ՀՄԸՄականներուն դաստիարկութեան դարբնոցը կը հանիսանայ։
ՍԿԱՈՒՏԸ ՄԻՇՏ Կ՛ՕԳՆԷ ՈՒՐԻՇԻՆ
Կիրակի, 17 Մայիս 2020ին, մեղուի փեթակի վերածուած էր ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնը, ուր բարեգործական աշխատանք կազմակերպելու համոզումով՝ համախմբուած էին միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ սկաուտական իրենց դաւանանքին հաւատարիմ շրջանի արի-արենուշներու ու խմբապետ-խմբապետուհիներու խումբ մը։
Անոնք եկած էին ազգային իրենց պարտականութիւնը կատարելու հայրենի ժողովուրդին այն հատուածին նկատմամբ, որոնք «Քորոնա» ժահրի տարածման դժուար այս օրերուն, իրենց տուներուն մէջ բանտարկուած՝ օգնութեան կարիքը ունին։
Անձնազոհ այս երիտասարդները, իրենց ղեկավարներուն հետ՝ ուտեստեղէնի 400 տուփեր ծրարեցին այն նախատեսութեամբ, որ զանազան մարզերու մէջ գործող ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի մասնաճիւղերու անդամներուն միջոցաւ պիտի տրամադրուին կարիքաւոր ընտանիքներու, ձերբազատելով զանոնք գէթ քանի մը օրերու ուտելիքի մտահոգութենէն։ Անոնք նոյնանման շխատանք կատարած էին նաեւ նախորդ շաբթուան ընթացքին։ Այսպիսով, ցարդ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայաստանի մեծ ընտանիքը 400 կարիքաւոր ընտանիքներու համար ծրարեց 800 ուտեստեղէնի տուփեր՝ նկատի ունենալով իւրաքանչիւր ընտանիքի երկու տուփ։
«Բնական է, այսքանով չենք աւարտում մեր աշխատանքը։ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը պիտի շարունակի իր բարեգործ աշխատանքը, օգնելով մեր ժողովրդի կարիքաւոր հատուածին։ Վերջապէս ՀՄԸՄը ծնունդ է առել, դաստիարակելու համար առողջ սերունդներ, որպէսզի նրանք օգտակար հանդիսանան իրենց ազգին ու հայրենիքին։ Ահա էս աշխատանքը ակնարկուած նպատակներից մին է», ըսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, որ ընդգծելով ՀՄԸՄական երիտասարդի ազգանուէր գործունէութիւնը՝ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք սատար կը կանգնին հայրենանպաստ այս աշխատանքին։
Քոյրը յայտեց, որ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը հաւատարիմ մնալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» իր նշանաբանին՝ պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» կարգախօսով եւ պիտի շարունակէ ծառայել իր ազգին, հայրեիքին ու եկեղեցւոյ։