
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով տեսակապով զրոյց ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Արցախ հարցի լուծման ներկայի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնց պիտի ձեռնարկուի յառաջիկայ ամիսներուն` «Քորոնա» համաճարակէն ետք։ Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ կողմերը պայմանաւորուեցան յստակացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման տեղն ու ժամկէտները: Նշուեցաւ, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ համանախագահներուն միջնորդութեամբ` համաճարակ մեղմանալէն ետք։