ԵՐԵՒԱՆ․- «Ռոսլին» հրատարակչութիւնը կը հրապարակէ հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերէն խօսող «Գանձերու Կղզին» արկածախնդրական շարժապատկերի ֆիլմաշարը, 26 բաժիններով, որ արտադրութիւնն է Օսամու Տեզակիի։ Այս նախաձեռնութիւնը, 21րդ դարու Սփիւռքի ոգիին հարազատ, հայերէնի երկու ճիւղերուն՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին գրեթէ հաւասար տեղ կու տայ։ Շնորհիւ եւ շնորհակալութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ պատանիները կրնան Ճիմ Հոքինզի հետ եօթը ծովերը նաւարկել՝ թաղուած գանձի փնտռտուքին մասնակցելու։
Յատկապէս համաճարակի այս օրերուն, երբ բոլորս մեր տուներուն մէջ փակուած ենք, մեր մատղաշ սերունդին համար բարձրորակ զբաղում մը գտնելը, որ ընտիր հայերէնով կը բարբառէ, մեծ անհրաժեշտութիւն է։
Մութ ու փոթորկոտ գիշեր էր․․․ Ճիմն ու իր մայրը դէմ յանդիման կը գտնուին խորհրդաւոր, տարիքով մեծ նաւապետի մը։ Այս խիստ օտարականը՝ միոտանի Պիլի Պոնզ, չար ու վայրագ ծովահէն մըն էր, որմէ ամէն պարագայի պէտք էր խուսափիլ։ Վախնալով, որ երկար չի կրնար ապրիլ, Պիլին Ճիմին կը վստահի խորհրդաւոր թուղթեր, որոնցմէ մին քարտէս մըն էր, «Գանձերու Կղզին»ի քարտէսը։ Ու այսպիսով կը սկսի ծովային արկածներու, դաւաճանութիւններու եւ այս բոլորին մէջ տղու մը քաջութեան, հաւատքին եւ բարի կամքին արկածախնդրական դիւցազնական դիպաշարը։
«Գանձերու Կղզին» մէջտեղ կու գայ Սփիւռքի ճգնաժամային հանգրուանին։ Ո՞վ կրնայ ժխտել, թէ սփիւռքեան համայնքները լեզուի պահպանման դժուարին պայքարի մէջ են։ Մեր կարծիքով, պատանի եւ երիտասարդ սերունդը հայերէնին կառչած պահելու գլխաւոր լուծումը կը կայանայ որակաւոր զբաղում ապահովելուն մէջ. զբաղում, որ ունի գրական լուրջ հիմք։ Մանուկները պէտք է զուարճութիւն ունենան, սակայն նոյն ժամանակ առիթ ունենան բարդ մտածողութեան, զգացական պահերու եւ նիւթերու հանդիպելու։ «Գանձերու Կղզի»ին հայերէնով նոր արտադրութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ այս բոլորը, նոյն ատեն հոյակապ գնահատականով եւ գեղեցիկ շարժանկարներով։
«Գանձերու Կղզին»ի թարգմանութեան մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ ճիւղերը շատ բնական կերպով կը հոսին։ Լոս Անճելըսէն՝ Փարիզ, հին օրերու նմանօրինակ հայերէնով խօսող Սփիւռքը ալ գոյութիւն չունի։ Համայնքները աւելի բազմատեսակ են, քան երբեք եղած են եւ մենք այդ իրողութիւնը կը տօնենք «Գանձերու Կղզին»ին մէջ։ Հերոսները իրենց տեղական խօսելաձեւով կը գործեն հոն, իրենց հնչելաձեւով եւ ոճով, քաջալերելով մեր մատղաշ սերունդը, որ միաձուլուի հայերէնի տեսակաւորութեան մէջ։
«Ռոսլին»ի եւ «Թեքնոլինկուիսթիքս»ի խումբերէն իւրաքանչիւր անհատ, որ ներդրում կատարեց «Գանձերու Կղզին»ը մէջտեղ բերելու գործին, իր ետին սիրոյ անջնջելի հետքեր թողուց։
«Գանձերու Կղզին» արդէն Vlume-ի մէջ է, նոր ինքնակառոյց հարթակ մը՝ աշխարհի չորս ծագերուն հայերէն խօսող հաւաքականութեան համար։ Անիկա արդէն կը պարունակէ թուայնացած մեծաթիւ գիրքեր, եւ հազարաւոր ժամեր՝ ձայնային գիրքերու ու այժմ՝ «Գանձերու Կղզին» ֆիլմաշարը։ Ուր ալ կը գտնուիք՝ Պուէնոս Այրես թէ Նիկոսիա, Նիւ Ճըրզի թէ Փարիզ, Կլենտէյլ թէ Երեւան, անիկա կ՛ապահովէ աննախադէպ համայնքային զգացում, հրաշալի գրականութիւն եւ բացառիկ մաքրութեամբ ձայնային բովանդակութիւն։
«Գանձերու Կղզին»ի նոր դրուագները ամէն Ուրբաթ կրնաք գտնել Vlume յաւելուածին ընդմէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել հետեւեալ կայքէջերը․
– www.youtube.com/watch?v=sc17W5B5p0E
– www.youtube.com/watch?v=htEWUHcM6X4
(Քաղուած «Ռոսլին» հրատարակչութեան թղթակցութենէն)