ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Ատրպէյճան սկսած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակը իբրեւ պատրուակ շահագործել՝ քաղաքական յաւելեալ ճնշումներ պարտադրելու եւ խօսքի ազատութիւնը աւելիով սահմանափակելու նպատակով, Երկուշաբթի յայտարարեցին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ հիմնուած, սակայն համեմատաբար անկախօրէն գործող մարդու իրաւունքներու Հելսինքիի յանձնաժողովը, որուն պաշտօնական անունն է՝ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան յանձնաժողով։
Յանձնաժողովին համանախագահները՝ քոնկրեսականներ Էլսի Հէյսթինկզ եւ Ճօ Ուիլսըն մտահոգիչ համարեցին ընդդիմադիր գործիչներու եւ լրագրողներու դէմ առնուած քայլերը, պահանջելով Պաքուէն, որ անյապաղ դադրեցնէ այս քայլերը։