ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քննչական կոմիտէի վարոյթ իրականացնող մարմինը «Եուքոմ» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գուրգէն Խաչատրեանը բանտարկելու միջնորդութիւն ներկայացուց։ Այս մասին տեղեկացուց Խաչատրեանի պաշտպանական խումբը՝ դիտել տալով, որ 29 Ապրիլին, Գուրգէն Խաչատրեան ստացաւ ծանուցագիր՝ քննչական մարմին ներկայանալու համար: Ան նշեց, որ քանի մը ժամէն պիտի ներկայանայ՝ յարգելի պատճառով։ Սակայն երեկոյեան դատարանը հրապարակեց բանտարկութեան միջնորդութիւն։
Ըստ մեղադրանքին՝ Գուրգէն Խաչատրեան աջակցած է կաշառք ստանալու արարքի մը։