ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան (Մարտունի) հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական յառաջապահ դիրքերուն ուղղութեամբ 29 Ապրիլին, կէսօրէն ետք ժամը փի եւ 5:25ի շուրջ, հակառակորդը արձակեց 60 միլլիմեթրնոց ականանետեր:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ միջադէպին իբրեւ արդիւնք Արցախի ստորաբաժանումները որեւէ կորուստ չեն կրած:
Հայկական ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուեցաւ:
«Հարկ ենք համարում նշել, որ սա 2019թ. Յունիսից ի վեր ադրբեջանական զինուժի կողմից հայկական դիրքերի ուղղութեամբ ականանետային զինատեսակի կիրառման առաջին դէպքն է: Միաժանակ յաւելենք, որ օրուայ ընթացքում շփման գծի տարբեր հատուածներում հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքեր են արձանագրուել նաեւ հրաձգային այլ զինատեսակներից:
«Այս պահի դրութեամբ առաջնային գծում իրավիճակը հանգիստ է: ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները շարունակում են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը», հաղորդեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: