ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ցաւ կը յայտէ «Անատոլիան քրիստոնէազրկելու» Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրին համար։
«Թուրքիա 105 տարի է, որ կը մերժէ առերեսուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ։ Ընդհակառակը, Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործները կը մեծարուին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ եւ կը շեշտոի, որ ոճիրին անպատիժ մնալը պատճառ դարձած է անոր նմաններուն կրկնութեան։
«Ամօթով կ՛առերեսուինք Հայոց Ցեղասպանութեան հետ», կ՛եզրափակէ կուսակցութիւնը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական խորհուրդը, որ կը ներառէ շուրջ 20 կուսակցութիւններ ու քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով հրապարակուած իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ հետեւալը. «Ցեղասպանութիւնը Անատոլիոյ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքներուն դէմ յարձակում էր։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն 1․5 միլիոն հայերու ջարդ էր, այլ նաեւ դարերէ ի վեր հոն ամբարուած մշակույթին ոչնչացումը։ Անիկա 105 տարուան չփակուած վէրք մըն է»։