Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քեզի ձօնուած երգին՝ «Խրիմեան Հայրի՛կ, անունդ Մկրտի՛չ…» բառերով, կ՛ուզեմ հետդ այսպէս՝ մտերմիկ զրոյցի նստիլ այսօր։ Ո՛չ առաջինն եմ, ոչ ալ կ՛ուզեմ վերջինը ըլլալ նման զրոյցի նստողներէն։ Շարժառի՞թս։ Այս տարի ծննդեանդ 200 ամեակն է, կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 105րդ տարեդարձին։ Երկուքն ալ պայմանական թիւեր են, որովհետեւ, Հայրի՛կ ճան, դուն ծնած ես 1820էն շա՜տ առաջ, մեզի՝ հայ ժողովուրդիս հետ ապրած ես դարեր շարունակ, սկսելով Հայկ ու Արամ Նահապետներու օրերէն, կեանքդ այդպէս ալ պիտի շարունակուի դարէ դար, ինչպէս որ Անդրանկին ձօնուած երգին մէջ կ՛ըսենք. «Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար…»։ Իսկ Ցեղասպանութիւնն ալ սկիզբ չառաւ 1915ին, այլ մեր ժողովուրդը ջարդի, հալածանքի եւ բռնագաղթի ենթակայ էր անկէ շատ առաջ, դուն մէկ ականատեսն էիր այդ տարիներու ոճիրներուն, որոնք այլազան ձեւերով կը շարունակուին նաեւ այսօր…։
***
Նախ՝ տարեդարձիդ մասին։ Սովորութիւն է, որ ծննդեան տօնին առիթով, հարազատները յոբելեարին, մեծարեալին աղուոր կարկանդակ մը նուիրեն։ Ես միայն մէկն եմ հարազատներէդ, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի Հայ ժողովուրդ։ Ուրեմն, հաւաքաբար կոչուած ենք պատրաստելու հսկայական կարկանդակ մը, որ բաղկանայ քու պաշտած հայրենի հողիդ վրայ աճած ցորենէն, այն հողէն՝ զոր պաշտել, գուրգուրալ պատգամեցիր նաեւ մեզի, ըսիր՝ որ հողը կենարար է, օրհնուած է, անոր վրայ ինկած քրտինքը նմանապէս օրհնուած է ու անոր արդիւնքը կրնայ կշտացնել մարդոց մարմինն ու հոգին։ Հայրենիքի հողը, ըսիր, հայուն համար երկրաւոր դրախտ է, որմէ հայը պէտք չէ արտաքսէ ինքզինք…։ Բաղադրիչները պիտի ըլլան նաեւ այն պատգամները, զորս ամբողջ կեանքիդ ընթացքին առատօրէն եւ անմնացորդ բաշխեցիր մեր ժողովուրդին։ Այդ կարկանդակը պիտի ըլլայ այնքան վիթխարի՝ որքան է մեզի հասած քու ժառանգութիւնդ, աւանդներդ։ Անիկա պիտի ըլլայ նոր օրերու կենաց հացը՝ անսպառ, ինչպէս՝ քու պաշտած Աստուածորդիիդ քանի մը հարշալի նկանակներն ու ձուկերը, որոնցմով հազարաւորներ կերակրուեցան եւ քանի մը կողով ալ աւելցաւ։ Կարկանդակիդ վրայ պիտի շարենք ո՛չ միայն 200 մոմ, այլ հազարաւոր ու միլիոնաւոր մոմեր, շինուած՝ Հայաստանի փեթակներու մեղրամոմէն, որպէսզի անոնցմէ տարածուող լոյսը շարունակէ ճաճանչել հայկական երկնակամարին, լուսաւորէ մեր ներկան ու ապագան, ինչպէս որ լուսաւորած է անցեալ աւելի քան մէկ դարը։
Ո՛չ. պիտի չյարգենք աւանդութիւնը եւ թոյլ պիտի չտանք, որ «Ուրախ տարեդարձ» երգէն ետք, փչես ու մարես մոմերը, որովհետեւ անոնք կոչուած են մնալու անմար։
Հայրի՛կ ճան. իւրաքանչիւր ժողովուրդ ինքզինք բախտաւոր կը զգայ տիտաններ ծնած ըլլալուն։ Մենք՝ հայերս ալ իրաւունք ունինք մենք մեզ բախտաւոր զգալու, որովհետեւ մեր պատմութիւնը, իր քաղաքական-ռազմական թէ մշակութային-գիտական կալուածներով, քեզի պէս տիտաններ ծնած է ու ձեր ժառանգութիւնը լեռնացուցած՝ մեր աննիւթական թանգարաններուն մէջ։ Դուն, ժամանակակիցներդ, քեզ կանխող ու քայլերուդ հետեւող տիտանները, այդ ժառանգութիւնը չէք ստեղծած, որպէսզի զանոնք պահպանենք իբրեւ թանգարանային արժէքներ, այլ ձեր կեանքի օրինակով իսկ պատգամած էք, որ այդ բոլորը ապրինք, ապրեցնենք մեր կեանքերուն մէջ, ձեր վառած ջահերուն լոյսը անմար պահենք մեր անհատական, հաւաքական ու հայրենական անդաստաններուն մէջ։ Այո՛, բախտաւոր ենք, որ ունեցած ենք քեզի պէս Հայրիկ, իսկ դուն ալ բախտաւոր ես, որ անապատին մէջ լծած միայնակ ծառ-ծաղիկ չես մնացած, այլ քեզի նման տիտաններով կերտուած է մեր Պանթէոնը։
***
Կենսագրութի՞ւնդ։ Ինչպէ՞ս կարելի է այստեղ խտացնել մօտաւորապէս 88 տարիներու երկրաւոր կեանքդ, որ միախառնուեցաւ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի կեանքին հետ, եղաւ ամբողջ դարաշրջանի մը հայելին։ Կանուխ մանկութեանդ ստացար առաջին հարուածը. որբացար, սակայն չմնացիր որբ, շնորհիւ հարազատներուդ, շրջապատիդ, աշխատանքի՛դ եւ ժողովուրդի՛դ, որուն նուիրեցիր ամբողջ կեանքդ, եւ այդ ժողովուրդը գնահատեց քեզ, քեզ հռչակեց Հայրի՛կ, ինչպէս որ դուն մէն մի հայ սեպեցիր հարազատ զաւակդ, ընտանիքիդ մէկ անդամը։ Այդպէ՛ս ըրիր՝ ո՛չ միայն ընտանեկան հարազատներդ՝ կինդ ու աղջնակդ կորսնցնելէ ետք, այլ այն օրէն՝ երբ ուսման ծարաւը քեզ ծննդավայրէդ՝ Վանէն նետեց Պոլիս. հոն, հայրական առաջին գուրգուրանքդ վայելեցին դպրոցական աշակերտներդ ու այն պանդուխտ հայերը, որոնք թրքական հալածանքներէ փախստական, տուն-տեղ ձգած՝ Պոլիս վազած էին հացի ետեւէ, ստեղծած էին պանդուխտներու նորագոյն բանակը։ Դուն մէկն էիր այն երախտաւորներէն, որոնք ուսման եւ գիտութեան փոքր մոմեր վառեցիր այդ պանդուխտներուն կեանքերուն մէջ։
Սերդնակիցներուդ պէս, դուն ալ աչքերդ յառած էիր դէպի եւրոպական լուսատու փարոսներ, սակայն չունէիր ընտանիքիդ կամ բարերարի մը ապաւէնը, որպէսզի գէթ քանի մը տարի լուսատենչ թիթեռնիկներու պէս թռչկոտէիր եւրոպական լապտերներու շուրջ եւ առանց թեւերդ այրելու՝ վերադառնայիր հայրենիք։ Ուրիշներ աւելի բախտաւոր եղան այս իմաստով, դարձան մեր Զարթօնքին ռահվիրաները։ Չյուսալքուեցար, ո՛չ ալ ընկրկում ապրեցար։ Շատերու նման՝ դուն ալ նետուեցար ինքնակերտումի ծովուն մէջ եւ յաղթ բազուկներով շահեցար լողարշաւը։ Եօթը տարիներու պանդխտութենէ ետք, վերադարձար հայրենի տուն՝ Վան, սակայն ափսո՜ս. կեանքը անգամ մը եւս հարուածած էր քեզ. չկային կինդ ու աղջնակդ։ Ո՜վ գիտէ. ինչպէ՜ս ողբացիր անոնց կորուստը, սակայն յուսահատող եւ պարտուող մը չէիր. որոշեցիր որդեգրել ասպարէզ մը, որ, տուեալ պայմաններուն մէջ՝ լաւագոյնը սեպեցիր ազգիդ ու հայրենիքիդ ծառայելու համար։ Ուսդ առիր կուսակրօնի սքեմը, ու այլեւս չմնացիր լոկ Վանի զաւակ, այլ դարձար սիրած ու պաշտած ժողովուրդիդ՝ ողջ հայութեան որդեգիր զաւակը, նախ քան »Հայրիկ«ի գահը բարձրանալդ։
Ժողովուրդդ ու հայրենիքդ աւելի՛ կատարեալ ճանչնալու երազդ քեզ դարձուց տեսակ մը թափառական։ Գացիր Էջմիածին, Երուսաղէմ եւ վերադարձար Պոլիս, ուր միացար հայութեան կեանքի բարեկարգման շարժումին, մարմնաւորուած՝ Ազգային Սահմանադրութեան մշակումով. Արեւմուտքէն հասած լուսատու կերոնները, որոնք կը կոչուէին արդարութիւն, հաւասարութիւն, մարդկային իրաւունք եւ նման ազնիւ գաղափարներ, եղան քու եւ սերնդակիցներուդ գուպարը առաջնորդողները, ձեզ վերածեցին Ա-ՌԱՋ-ՆՈՐ-ԴԻ։ Իբրեւ Մեծն Մաշտոցի հաւատարիմ ժառանգորդ՝ գիրի ու գիրքի ճամբով լուսաւորումի մարդ էիր. ձեռնարկեցիր «Արծուի Վասպուրական» ամսաթերթի հրատարակութեան, այն օրերուն, երբ Պոլսոյ մէջ գիրքն ու մամուլը նոր ծաղկիլ սկսած էին։ Եկեղեցիդ շուտով քեզ կոչեց Վարագայ վանք, ուր տարիր նաեւ մամուլի սարքերդ եւ հայրենի հողին վրայ հաստատեցիր առաջին տպարանը, հետդ տարիր Վասպուրականի Արծիւդ։ Շուտով կոչուեցար Տարօնի Ս. Կարապետ պատմական վանքի վանահօր առաքելութեան, եւ «Արծիւ»դ սկսաւ սլանալ Տարօնի անունով։ Մամուլը գործածեցիր բազմաթիւ ճակատներու վրայ. եղար հանրային դաստիարակ, սակայն նաեւ շեփորեցիր թրքական լուծին տակ կեղեքուող հայ գեղջուկին տառապանքը, թուրքին ու քիւրտին բռնարարքներուն դէմ դրօշ բարձրացուցիր, դարձար ազգային արթնութեան ու մարդկային իրաւունքներու առաջին պաշտպաններէն, իսկական ռահվիրայ մը։ Այս բոլորը ըրիր, երբ տակաւին ո՛չ Սան Սթեֆանոյի եւ ոչ ալ Պերլինի պատմական ժողովները կ՛երեւէին հորիզոնին վրայ։
Կտրած էիր Պղատոնի «Փիլիսոփայ թագաւոր»ին տարիքդ, երբ կեանքի ուղիներդ քեզ 1868ին անգամ մը եւս տարին Էջմիածին, մասնակից դառնալու համար կաթողիկոսի ընտրութեան ժողովին. արժանացար եպիսկոպոսկան կարգի, ձեռամբ այլ լուսաւոր-լուսատու դէմքի մը՝ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին։ Ա՛լ դարձած էիր ողջ հայութեան Հայոց Հայրիկը, դուրս գալով Վանի ու Տարօնի ժողովուրդին հայրիկը ըլլալու սահմաններէդ։ Եւ պատահական չէր, որ տարի մը ետք, 1869ին, ազգը քեզ ընտրեց Պոլսոյ Պատրիարք, որ այդ օրերուն, նոյնքան ու աւելի՛ հեղինակաւոր պաշտօն էր, որքան կաթողիկոսի առաքելութիւնը. փաստօրէն, պատրիարքութեան հաստատումէն ետք, Պոլիսը դարձած էր հայ քաղաքական կեանքի առանցքը (ինչպէս նաեւ թուրք թէ հայ իշխանաւորներու կամայականութեանց յաճախակի խաղալիքը…)։
Ո՛չ սուլթանն ու իր կամակատարները, ո՛չ ալ հայութեան կեանքին տիրապետել փորձող եւ իշխանաւորներուն հետ իր շահերը հաշտ պահել փորձող դասը պատրաստ էր հանդուրժելու քեզի նման յանդուգն ու արդարատենչ առաջնորդ մը։ Այս առումով, ո՛չ առաջինը եղար, ո՛չ ալ, աւա՜ղ, վերջինը…։ Մատնուեցար խրամատակիցներուդ ճակատագիրին. չէիր կրնար հլու կամակատար մը դառնալ խտրական ու բռնատէր իշխանութեան մը կամքին. հեռացուեցար պատրիարքական աթոռէն, եւ իբրեւ իրողական աքսորական, վերադարձար Վան, ուր վերագտար տարերքդ, անգամ մը եւս ուսդ առիր դաստիարակի պատմուճանը, ուսման լոյսն ու ազգային ինքնութեան վերականգնումի ոգին տարածելու համար վերազարթնող մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ։
***
Պատմական դէպքերու տարիներ էին, եւ ինչպէս ամբողջ կեանքիդ տեւողութեան, այդ փուլին եւս, ամբողջական ուժերովդ եւ կարողութիւններովդ մասնակից եղար մեր պատմութեան կերտումին։ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքը քեզմէ աւելի հարազատ ներկայացուցիչ մը չէր կրնար գտնել, որպէսզի Խորէն Արք. Գալֆայեան-Նար Պէյի եւ Մինաս Չերազի հետ միասին պատուիրակութիւն մը կազմելով՝ ձեզ Պերլին առաքէր, հայութեան արդար դատն ու մարդկային տարրական իրաւունքները առաջին անգամ ըլլալով հա՛յօրէն դնելու միջազգային բանակցութիւններու սեղանին վրայ։
Չենք մոռցած. ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ, թէ ինչպիսի՜ յուսախաբութեամբ եւ դառն փորձառութեամբ մը վերադարձար Պերլինէն։ Մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար, թուղթէ շերեփով մը գացեր էիր Պերլին, սակայն տեսար, որ հոն երկաթէ շերեփով է որ հերիսայ կ՛առնեն իրաւունքներու կաթսայէն։ Հոն՝ Պերլինի մէջ, ի զուր փնտռեցիր հայ քաջորդիները, որոնք չէին անտեսած բազուկի ուժի ճանապարհը եւ Զէյթունի, Սասունի եւ այլ շրջաններու մէջ, Խաչատուր Աբովեանի օրերէն իսկ, նաեւ անկէ առաջ, զէնքով ու արեան անհաշիւ զոհաբերութիւններով պաշտպանած էին շէն ու շինական, հայրենի հող եւ մարդկօրէն ապրելու իրաւունք։ Ողբով անդրադարձար, որ երկաթէ շերեփ գործածող հայորդիներ չունէիր կողքիդ, անոնք մաս չէին կազմած ձեր պատուիրակութեան։ Պոլիս վերադարձիդ, եկեղեցւոյ խորանէն արտասանեցիր անզուգական պատգամդ. երբ գաւառ վերադառնաք, իբրեւ նուէր՝ զէնք տարէք ձեր հարազատներուն, զէնքո՛վ պաշտպանեցէք ձեր տունն ու հողը, ձեր ընտանիքին կեանքն ու պատիւը։ Քու պատգամդ շուտով վերածուեցաւ նոր վարուելակերպի ու երգի. «Միայն զէնքով կայ հայուն փրկութիւն…»։
Հաւանաբար եղան մաքրակրօն քրիստոնեաներ, որոնք պատգամիդ մէջ տեսան կրօնաւորի ուխտիդ դրժումը, անկէ ետդարձ մը, որովհետեւ Քրիստոս պատգամած էր սուր չբարձրացնել, քանզի «սուր բարձրացնողը սուրով կ՛իյնայ»։ Դուն իսկական քրիստոնեայ մըն էիր՝ զէնքի դիմելու եւ թշնամին զգետնելու պատգամիդ մէջ։ Հաւանաբար մտածած էիր, թէ «զէնքով իյնալու» զգուշացումը ինչո՞ւ միայն հայուն ու հալածեալին բաժինը պէտք է ըլլայ։ Չէ՞ որ թուրքն ու քիւրտն էին առաջին զէնք բարձրացնողը, հայը մշտական հալածողն ու սրախողխող ընողը։ Այդ նախզգուշացումը ամէնէն աւելի պէտք էր անոնց հասցէագրուած ըլլար, անոնց քրիստոնեայ չըլլալը չէր կրնար արդարացնել յարատեւող ոճիրները։ Եւ որովհետեւ անոնք էին սուր բարձրացնողը, պէտք է նաեւ իրե՛նք սուրով իյնային. հայը պէտք էր այլեւս կիրարկէր նոյն քրիստոնէութեան մէկ այլ ուսուցումը՝ «աչքի դէմ աչք, ակռայի դէմ ակռայ…»։ Այս կամքն ալ հնչեց հայուն երգին մէջ, «մեր մէկ հաւը գողացողին ամբողջ տունը…»։
Յեղափոխաշունչ պատգամներդ հանդուրժողութեամբ չէին կրնար ընկալուիլ բռնատէր իշխանութեան ու անոր հաճոյանալու մի՛շտ պատրաստ՝ հայ ստրկամիտ պահպանողականութեան կողմէ։ Եւ ահա, տրուեցաւ քեզ արտաքին աքսորի, այսինքն՝ հայրենի հողերէն հեռու տեղ մը նետելու որոշումը. 1890ին, աքսորավայրդ եղաւ Երուսաղէմը, ուրկէ, երկու տարի ետք, հայուն արդարութիւնը քեզ վերադարձուց հայրենիք, որպէսզի բարձրանաս ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան գահը եւ մինչեւ վախճանդ, Արարատի հովանիին տակ շարունակես մեր ժողվուրդին ու հայրենիքին պաշտպանութեան, լուսաւորումի գործը։
Փոթորկալի եղան նաեւ կաթողիկոսութեանդ տարիները։ Մօտաւորապէս դար մը առաջ, Աշտարակեցիի եւ Աբովեանի օրերուն՝ ռուսական կայսրութեան քրիստոնէական դրօշակը մեծ ցնծութեամբ եւ բռնատէրներէ ազատագրուելու յոյսով դիմաւորած հայութիւնը, մասնաւորաբար արեւելեան կողմը հայաշխարհի, արդէն ապրած էր յուսահատութեան ու հիասթափութեան բազմաթիւ փուլեր։ Ցարական կայսրութիւնը միայն ձեւականօրէն տարբեր էր օսմանեանէն. եթէ թուրքը կ՛աշխատէր եաթաղանով իրականացնել Հայաստանի հայաթափումը, ռուսերը նոյնը փորձած էին ու կը շարունակէին փորձել հայը այլասերելու, ձուլելու միջոցներով, առանց անտեսելու Հայաստանը այլ ժողովուրդներով բնակեցնելու եւ առանց հայու տեսնելու ընտրանքը։ Էջմիածինի գահը բարձրանալէդ հազիւ տասը տարի մը ետք, հայը սպիտակ սուրով ոչնչացնելու ցարական քաղաքականութիւնը հասաւ նոր գագաթնակէտի, երբ դարձեալ որոշում տրուեցաւ փակել Հայ Դպրոցն ու գրաւել մեր եկեղեցւոյ սեփականութիւնները։ Սակայն ցարական սուրը պողպատեայ կամքիդ հանդիպեցաւ։ Մերժեցիր անձնատուր ըլլալ եւ անգամ մը եւս երկաթէ շերեփիդ պատգամը արձագանգ գտաւ հայութեան մէջ։ Եւ բաց աչքերովդ տեսար, որ աւելի քան 25 տարի առաջ ցանած սերմերդ առատ արդիւնք տուած էին եւ յումպէտս չէին կորսուած ժողովուրդիդ անտարբերութեան ծովուն մէջ։ Կողքիդ ունէիր երկաթէ շերեփ գործածողներու ամբողջ բանակներ, ու առաջին շարքերուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, առանց անտեսելու միւս ազգապահները։ Հայը, քու պատգամներէդ ներշնչուած՝ անգամ մը եւս սուր բարձրացուց իրեն դէմ սուր բարձրացնողին դիմաց. փոթորկալի փուլէն ետք, հայը տարաւ վերջնական յաղթանակը, ցարական իշխանութիւնները ետդարձի մատնուեցան, Հայ Դպրոցն ու Եկեղեցին վերականգնեցին իրենց ազգապահպանման ու պատմութիւն կերտելու զուգընթաց առաքելութիւնը։
***
Եթէ կեանքիդ վերջին տարիներուն պատգամներուդ կենսագործումը տեսնելով՝ քիչ թէ շատ բախտաւոր զգացիր, հիմա կրնանք ըսել, որ այլ բախտաւորութիւն մըն ալ ունեցար. աշխարհին, հայրենի հողին ու զաւակներդ դարձած ժողովուրդին հրաժեշտ տուիր՝ առանց դժբախտութիւնը ունենալու տեսելու Ցեղասպանութիւնը։ Եթէ Հասնէիր հարիւրամեակիդ, վստահաբար դուն ալ մէկ ականատեսը պիտի ըլլայիր մեր ահաւոր ողբերգութեան, ինչպէս որ եղաւ հովանիդ վայելողներէն՝ Կոմիտաս Վարդապետը, նաեւ ուրիշներ։ Սակայն նոյն ատեն պիտի տեսնէիր, որ Ցեղասպանութեան օրերուն, երկաթէ շերեփի պատգամդ չէր մոռցուած ողջ հայութեան կամքին մէջ։ Այդ պատգամին ընդառաջ՝ կերտուեցան մեր ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերը՝ Մուսա Լեռէն մինչեւ Վան ու Սարդարապտ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ եւ այլուր։ Երկաթէ շերեփիդ լիարժէք գործածութեամբ էր որ հայը ի վերջոյ թօթափեց ստրկութեան ու բռնատիրութեկան լուծը, հայրենի հողին վրայ բարձրացաւ անկախ Հայաստանի դրօշը ու անկէ նոր պատգամներ տարածուեցան հայութեան կեանքին ու կամքին մէջ, բիւրեղացաւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆը վերականգնելու քաղաքական հեռանկարը։ «Երկաթէ շերեփ»ի նոյն պատգամիդ անսալով էր որ դաշնակցական արդարահատոյցներ պատժեցին ցեղասպան ոճրագործները, ցոյց տալով, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «սուր բարձրացնողը սուրով կ՛իյնայ» խօսքը…։ Քու այդ պատգամներդ անցան պրիսմակներէ. միագիծ լոյսը դարձաւ բազմաճաճանչ լուսադաշտ, ուժո՛վ իրաւունք հետապնդելու ոգին աւելի քան 50 տարի ետք վերականգնեց Թուրքիոյ ներկայացուցիչներ հետապնդող ու զգետնող հայ երիտասարդներու մէջ, որոնք յիշեցուցին, որ հայը տակաւին անհատոյց մուրհակներ ունի ձեռքին, իսկ ուրացող ու դրժող թուրքը չի կրնար խուսափիլ իր դատաստանէն, ինչպէս որ չխուսափեցան Թալէաթն ու իր գործակից ոճրագործները։
Երկաթէ շերեփդ գործածեցինք նաեւ Արցախի մէջ, կը գործածենք այսօ՛ր ալ, նոյնը՝ Հայաստանի ու Նախիջեւանի սահմաններուն երկայնքին։ Սորված ենք, որ այդ շերեփը նոյնքան կարեւոր է ու ազդու, որքան քաղաքական ու դիւանագիտական պատերազմի զէնքերը։ Սորված ենք, որ երկաթէ շերեփ գործածողը ոճրագործ կամ անարդար չէ, երբ սուրը առաջին բարձրացնողը չէ, այլ անոր կը դիմէ՝ երբ կ՛ուզէ հող ու իրաւունք պաշտպանել, հայրենիք ու ժողովուրդ պահպանել, կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան անսակարկելի իրաւունքին։
***
Ու… անժամանցելի խնդրանք մը, սիրելի՛ Հայրիկ։ Քու պատգամներով մի՛շտ եղիր մեզի հետ, կանգնէ մեր կողքին, որպէսզի երկաթէ շերեփդ վերածենք յաղթանակի դրօշի։ Անոր պէտք ունինք այսօ՛ր, պէտք պիտի ունենանք վա՛ղը, այնքա՛ն ատեն՝ որ մեր թշնամին չէ հրաժարած մեր հողերը բռնագրաւելու հին երազներէն, կը յամառի չանսալ արդար հատուցման մեր պահանջին, կ՛ուրանայ պատմական ոճիրներն ու կը շարունակէ նորեր բարդել անոնց վրայ։
Նաեւ՝ օգնէ մեզի, որ մեր աչքերը բանանք քու միւս պատգամներուդ վրայ։ Ճիշդ է, որ Պերլինէն բերած փորձառութիւնդ ամէնէն հնչեղ ու առաջնային պատգամդ էր, սակայն յուշարար չէիր, որ Խրիմեան Հայրիկ ըսեով՝ պէտք չէ բաւականանաք միայն անով։ Փաստօրէն, քու գրական վաստակդ եւ բանաւոր ժառանգութիւններդ նո՛յնքան այժմէական են ու անժամանցելի, նո՛յնքան վսեմ ու հայացնող, ազգ ու հայրենիք պահող։
Վստահ եմ, կը տեսնես, որ այսօր ինչե՜ր տեղի կ՛ունենան հայկական մեր աշխարհի լայնքին ու երկայնքին, Հայաստանի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին։ Հայրենի հողին հանդէպ մեր սէրն ու անոր կառչելու պատգամդ սկսած են թուլանալ. հողին օրհնութիւնը եւ կենարար արժէքը սկսած է նսեմանալ-նսեմացուիլ։ Հայաստանի գիւղերը նահանջի մէջ են։ Անդին, միասնութիւնն ու գործակցութիւնը նահանջի կը մատնուին մինչեւ իսկ անոնց ձեռամբ, որոնք հրապարակ ելած են միասնութիւն եւ յառաջդիմութիւն բերելու դրօշներով, յեղափոխութիւն ստեղծելու յանձնառութեամբ։
Հայ գիրքն ու գիրը տժգունելու վրայ են. մեղանչումը, Արարատէն անդին, կը մօտենայ նաեւ Մաշտոցին ու մեր ազգային մշակոյթի կերտիչներուն։ Շահնուրեան մեղայականները միայն ացեալի աւաղումներ չեն…
Հայ ընտանիքն ու ազգային աւանդութիւնները, աւանդները կը դրուին «Դամոկլեան Սուր»ի տակ։ Արդի աշխարհի մրուրները սկսած ենք դիտել իբրեւ նորարարութիւն, քաղաքակրթութեան ցուցանիշ, յառաջդիմութեան ու զարգացումի պատրանքի կը վերածենք զանոնք։ Սեփական արժէքները, որոնց արարման ու կուտակման մասնակից էիր դուն, մասնակից էին Սրուանձտեանցները, Աղայեանները, Թումանեանները, Կոմիտասները, ու բազում ուրիշներ, իբրեւ հարազատ ժառանգորդները Մեծն Ներսէսներու եւ յետնորդներուն՝ այսօր կը դիտուին իբրեւ հնամենի ու հնատիպ, գուրջի նման մեկդի կը թողուին ու կը փորձենք պճնազարդուիլ օտարին՝ մերկութիւն ծածկելու անկարող թզենիի տերեւներով։
Աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը կ՛ապրի ի՛ր իւրայատուկ ողբերգութիւնները. կը հեռանայ հայերէնէն, կ՛օտարանայ հայկական ժառանգութիւններէ, նիւթական «արժէքներու» մոլուցքը կը համակէ իրերայաջորդ սերունդներու հոգին ու միտքը, նոյնինքն էութիւնը, զարգացման բարիքները կը կիսուին ու կը դառնան չարիք։ Մեղայականին «զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ»ը կը խուսափի զանգուածներէն, որոնք «այս հոսանքներուն դէմ թիավարելը անկարելի է» ըսելով՝ բազուկները վեր կը բարձրացնեն անձնատուութեամբ։
Այդպէս կ՛ընենք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ մեր մէջ բթացած են յիշատակները այն դաժան իրականութիւններուն ու պայմաններուն, որոնք քու եւ ժամանակակիցներուդ կեանքի բաժինն էին, ալ ի՜նչ խօսք՝ սփիւռքեան օճախներու մասին։ Մենք մեզի չենք հարցներ, թէ արդեօք դո՞ւք, թէ՞ մենք աւելի վտանգաւոր ու սպառող մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէիք, եւ սակայն, լարեցիք ձեր ուժերը, ուս-ուսի տուիք եւ պարտութիւններու ու նահանջներու կողքին, անսակարկելի յաղթանակներ արձանագրեցիք, այդ յաղթանակներուն պտուղները մինչեւ այսօր ալ ի զօրու են քիչ մը ամէն տեղ, անժամանցելի պատգամ կը մնան… ականջ ունեցողներուն։
***
Իբրեւ նահապետական Պապիկ, նոր զարթօ՛նք մը բեր Թոռնիկներուդ, որոնք ամէն տարի, Ապրիլ 24ի օրերուն, կը խոնարհին մեր նահատակներուն յիշատակին, կը յայտարարեն, որ տէրն են անոնց կտակին, սակայն յաճախ կը թերանան այդ կտակը բոլոր դաշտերուն մէջ գործնականի վերածելու յանձնառութեան մէջ։ Յիշեցո՛ւր մեզի, թէ դո՛ւն, պատգամիդ հետեւող ժառանգորդնե՛րդ՝ քու ժամանակներունդ եւ քեզմէ տասնամեակներ ետք ալ, մինչեւ մեր օրերը, ինչպիսի՛ տաժանքով բայց բարձր ճակատով զուգորդած էք երկաթէ շերեփն ու մշակոյթի ասպարները, երկաթէ շերեփը յենարան պահած էք թուղթը շերեփին՝ իբրեւ գրաւական հայուն գոյատեւման, իբրեւ երաշխիք մեր արդար իրաւունքներուն պաշտպանութեան։ Եւ թող իսկական հայրենասիրութիւնը, ուսման ու լուսաւորութեան ծարաւը, ազատ մտածողութեան ունակութիւնը, բայց մանաւանդ աշխատանքի՛, հայրենաշէն ու հայակերտ աշխատանքի տենդը թող վարակեն մեր ազգի զաւակները, որպէսզի մենք մեզ կոչենք արժանաւոր Թոռները հայոց Պապիկին, աննահանջ ու անպարտելի կտակարարները մեր նահատակներուն, աւելի քան 100 տարի առաջ ինկած թէ մինչեւ այսօր, մեր սահմաններուն վրայ ինկող նահատակներուն։
Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք, որ դուն մեզի հետ ես եղած քու ծնունդէդ դարեր առաջ, մեզի հետ էիր Ցեղասպանութեան օրերուն ու յաջորդ տասնամեակներուն, մեզի հետ պիտի մնաս, պէ՛տք է մնաս դարեր ու դարեր։ Քու քաղցրահամ կարկանդակդ պիտի գօտեպնդէ մեզ, պիտի վերանորոգէ պայքարի մեր կամքը, զայն պիտի շարունակենք ճաշակել մինչեւ պատգամներուդ լիակատար կենսագործումը եւ անկէ անդին, որովհետեւ այդ կարկանդակը անսպառ է։