ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Իր տարեական՝ «Քաղաքին վիճակը» ելոյթին մէջ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի Կիրակի երեկոյեան յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին յարձակումը դիմակայող քաղաքը որոշ սպասարկութիւններ պարտադրաբար պիտի կրճատէ, պաշտօնեաներ ժամանակաւորապէս գործէ պիտի արձակէ եւ անոնցմէ ոմանց վարձատրութիւնը պիտի նուազեցնէ, որովետեւ քաղաքին միջոցներուն մէկ կարեւոր մասը կը տրամադրուի ժահրին դէմ պայքարելու ջանքերուն։
Ան նոյն ատեն վստահեցուց, որ քաղաքը պիտի շարունակէ պայքարը, պահպանելով կենսական սպասարկութիւնները եւ յայտնեց, որ արդէն իսկ 70 միլիոն տոլար առնուած է նման աղէտներու համար քաղաքին պահ դրած գումարներէն։