Կիրակի, 12 Ապրիլին, Արեւմտեան թեմէն ներս Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը նշուեցաւ հոգեպարար արարողութիւններով։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, այս տարի Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները տեղի ունեցան առանց, հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Արարողութիւնները կատարուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու եւ ուղղակի սփռուեցան Ազգ. առաջնորդարանի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի «Դիմատետր»ի (Facebook) պաշտօնական էջերէն, ինչպէս նաեւ «Ամերիկայի Ձայն», «US Armenia» եւ «Horizon» պատկերասփիւռի ալիքներէն։
Նշենք, որ առաւել քան 100,000 հաւատացեալ հայորդիներ իրենց բնակարաններէն հետեւեցան Ս. Զատկուան արարողութեան։
Ս. Յարութեան պատարագը մատուցանեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդը։ Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ այսօր եկեղեցին թէկուզ թափուր է, բայց հաւաստիացուց, որ բոլորս ալ հաւատքով զրահուած, յոյսով զինուած եւ սիրով միացած ենք եւ իրարու հետ կը նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը։ Սրբազանը ըսաւ, որ Քրիստոս թէեւ ծառայ չունէր, բայց Տէր կոչուեցաւ. համալսարանական վկայականներ չունէր, բայց ուսուցիչ կոչուեցաւ. զինուոր ու բանակ չունէր, բայց թագաւորներ սարսափեցան Իրմէ. պատերազմ եւ ճակատամարտ չմղեց, բայց յաղթե՛ց աշխարհին. գերեզման դրուեցաւ, թաղուեցաւ, բայց յարութիւն առաւ եւ ցայսօր մեզի հետ է։
«Կը գտնուինք դժուար պայմաններու մէջ եւ մեր բնականոն կեանքը պահ մը կանգնած է։ Ս. Յարութիւնը կու գայ մեզի անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ մեր հաւատքը մշտապէս պէտք է առկայծ պահենք եւ յոյսով քաջալերուինք։ Պատմութիւնը ի՛նք կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդը դիմագրաւած է բազմաթիւ փորձութիւններ, դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ, որովհետեւ հաւատացած է Աստուծոյ Միածին Որդիին՝ Քրիստոսի։ Քրիստոս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Քաջալերուեցէ՛ք, Ես յաղթեցի աշխարհին»։ Մեր Տէրը այսօր մեզի նոյն քաջալերական խօ՛սքն է, որ կը փոխանցէ։ Այո՛, հակառակ անոր, որ մեր կեանքը փոխուեցաւ եւ ենթարկուեցաւ բարոյական, մտային, հոգեկան, ֆիզիքական ու ֆինանսանական ձախողութեանց եւ անկումներու, սակայն հաւատալով Քրիստոսի ու Անոր Ս. Յարութեան, պիտի յաղթահարենք այս բոլո՛ր նեղութիւնները, հիւանդութիւնները, տագնապները եւ մանաւանդ այս համաճարակը։ Ամէնուրեք յուսահատութիւն, անգործութիւն ու մտագոհութիւն կը տիրէ, բայց հաւատքը մեր առկայծ է, իսկ յոյսը կը խրախուսէ», ընդգծեց ան։
Առաջնորդը իը աղօթքը առաքելով առ Աստուած, աղերսեց, որ Աստուած մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ ու բիւրապատկէ, մեր հայրապետներու աղօթքներու հետեւողութեամբ մեզ առաքինի գործերով զարդարէ, Իր պատուիրանապահութեամբ առաջնորդէ, ներէ մեր բոլոր մեղքերը եւ թողութիւն շնորհէ, Իր սիրոյ կրակը բորբոքէ մեր մէջ, իբրեւ բժիշկներու Բժիշկը օրհնէ եւ առողջութիւն պարգեւէ բոլոր վարակեալներուն…։
Աւագ Շաբաթ օր, Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ, որու աւարտին տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Յարութեան խորհուրդով լի մոմավառութեան արարողութիւնը եւ «Այսօր յարեաւ» շարականի երգեցողութեամբ, Ս. Յարութեան աւետիսը տրուեցաւ ժողովուրդին։ Պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։ Նախքան Ս. պատարագը, եկեղեցւոյ սարկաւագները ընթերցեցին «Դանիէլի մարգարէութեան» ընթերցուածը։ Առաջնորդական փոխանորդը իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Յարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ լոյսին յաղթանակը խաւարին դէմ, բարիին յաղթանակը՝ չարին դէմ։ Ան նաեւ նշեց, որ այս կեանքին մէջ չկայ անձ մը, որ դժուարութեանց եւ նեղութեանց չէ հանդիպած եւ հրաւիրեց հաւատացեալները, Քրիստոսի յարութեան աւետիսով տոգորուած, այդ գողգոթայէն դուրս գալու՝ Քրիստոսի յարութեան լոյսը տեսնելու համար, բայց ո՛չ՝ այդ գողգոթայի ճանապարհը լքելու, որովհետեւ այդ ճամբա՛ն է, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի յոյսի ճանապարհ, կեանքի նոր արշալոյս եւ դէպի Յիսուս Քրիստոս։
Աւագ Ուրբաթ օրուան երեկոյեան, կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման արարողութիւնը։ Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Մարդու Որդին մարդկային մեր մեղքերուն բեռը Իր վրայ առնելով՝ Իր արիւնը խաչին վրայ իբրեւ փրկագին վճարեց մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։
Աւագ Հինգշաբթի օր, առաւօտեան, Վերջին Ընթրիքի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։ Փոխան քարոզի, առաջնորդը ընթերցեց Ս. Բարսեղ հայրապետին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին նուիրուած յորդորը։
Յետմիջօրէին, կատարուեցաւ Ոտնլուայի յիշատակութեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ առաջնորդին։ Թէկուզ ներկաներու ոտքերու լուացումը տեղի չունեցաւ, բայց առաջնորդը խորհրդանշականօրէն օրհնուած ջուր սրսկեց թուով 12 հոգեւորականներու եւ սարկաւագներու վրայ։ Իր խօսքը ուղղելով առցանց հետեւող հաւատացեալներուն, սրբազանը ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Ոտնլուայի խորհուրդը եւ կոչ ուղղեց բոլոր ունկնդիրներուն հետեւելու Տիրոջ օրինակին, խոնարհութեամբ ապրելու, սէր տածելու մեր նմաններուն, առանց նախապայմանի ծառայելու բոլորին եւ օգնութեան ձեռք երկարելու կարիքաւորներուն՝ մանաւանդ համաճարակի այս դժուար օրերուն։
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերուան արարողութիւնը, որ յիշատակումն է Քրիստոսի չարչարանքներուն։ Հոգեւորականաց դասու անդամներ յաջորդաբար ընթերցեցին 7 աւետարանները, որոնք ամբողջութեամբ կը պատկերէին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանը։ «Ո՞ւր ես մայր իմ» հոգեցունց շարականի երգեցողութենէն ետք, առաջնորդական փոխանորդը փոխանցեց Խաւարման Գիշերուան խորհուրդը։ Ան մէջբերեց Քրիստոսէն բժշկութիւն աղերսող կոյրին, մարդկային ընկերութենէն հեռու նետուած բորոտին, անդամալոյծին եւ այլ հրաշապատում դրուագները եւ զանոնք կապեց մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Ան իր պատգամը աւարտեց՝ ըսելով. «Եկէ՛ք, երթանք, հասնի՛նք խաչին, տեսնենք Խաչեալը եւ խաչը հռչակենք որպէս փրկագործութեան միակ ճանապարհ»։
Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկուան արարողութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիները վերանորոգեցին ջերմեռանդ հաւատքով եւ անոր խորհուրդով։