ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարող առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողներուն, կենսական այլ սպասարկութիւններ մատուցողներուն եւ կարիքաւորներուն երեխաներու խնամքի յատուկ 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն պիտի տրամադրուի։
Նահանգը նաեւ յաւելալ միջողներու պիտի դիմէ տարեցներու խնամքի կեդրոններուն յաճախորդներուն եւ անձնակազմին առողջութիւնը երաշխաւորելու համար։