ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ShantNews-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին մեծագոյն օճախը Պոլիսն է, ուր կ՛ապրի հայ համայնքին մեծ մասը՝ նշելով, որ կան հայ վարակուածներ եւ արձանագրուած են մահուան դէպքեր: Համայնքին մէջ զօրակցութեան եւ կարիքաւորներու օգնելու աշխատանքներ կը տարուին պատրիարքարանին եւ հայկական կազմակերպութիւններու միջոցով:
Փայլան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնած դրամահաւաաքին եւ իշխանութիւններուն կողմէ այդ համընդհանուր արշաւին մասնակցելու ազգային փոքրամասնութիւններուն յղուած նամակ-խնդրանքին:
Փայլան քննադատեց Էրտողանի այս նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ աշխարհի տարածքին պետութիւններն են, որոնք կ՛օգնեն իրենց կարիքաւոր քաղաքացիներուն, իսկ Թուրքիա քաղաքացիներէն գումարներ կը պահանջէ տագնապի այս օրերուն: Պատգամաւորը նաեւ ափսոսանք յայտնեց, որ թէեւ հայ համայնքը բազաթիւ աղքատներ ունի, հայկական հաստատութիւնները 500 հազար թրքական լիրա փոխանցեցին դրահամաւաքին: Ըստ Փայլանի՝ պետութեան կողմէ ուղարկուած նամակը իբրեւ հրահանգ ընկալուած է հայկական հաստատութիւններուն կողմէ:
Միւս կողմէ, «Ակօս»ը կը գրէ, թէ Տիգրանակերտէն ընտրուած Փայլան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին գծով դիմած է առողջապահութեան նախարարին, բացատրութիւն պահանջելով Տիգրանակերտի համար նախատեսուած միջոցներու տրամադրման մէջ թերացումին մասին։
Փայլանի հարցումով յայտնի դարձած է, թէ քաղաքին համար ուղարկուած քննութեան սարքերը խիստ անբաւարար են։ Փայլան իր դիմումին մէջ կը նշէ, թէ առաւել քան 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մը համար բոլորովին անբաւարար են 500 սարքերը։ Ան այս թերացումը անտրամաբանական կը գտնէ եւ կը պահանջէ, որ շուտափոյթ կերպով յաւելեալ միջոցներ տրամադրուին։
Նշենք, որ կառավարութեան գործադրած խտրականութիւնը կը շարունակուի նաեւ այս համաճարակի պայմաններուն տակ եւ պետութեան միջոցները հասարակութեան կը տրամադրուին իշխանութիւններուն քմահաճոյքներով։
Շատ ճիշդ ես Կարօ ճան, երբ նախագահը կը փոքրանայ դրամ մուրալու ժողովուրդէն, ըսել է՝ դրամ տուէք, ապա թէ ոչ… դուք գիտէք: Խտրականութիւնը համազօր է ատելութեան: