ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- 8 Ապրիլի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 29 քաղաքայիններ եւս մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 620 նոր պարագաներ, ինչ որ 700ով աւելի էր մէկ օր առաջուան տուեալէն։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 7530 վարակումներ եւ 198 մահեր։ Քննուած են աւելի քան 36,000 քաղաքացիներ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի տնանկներու յատուկ մարմինը, գործակցելով գաւառին տարածքին գործող ընկերային սպասարկութեանց շարք մը կազմակերպութիւններու, նահանգային եւ դաշնակցային իշխանութիւններուն ու պանդոկներու սեփականատէրներու հետ, կը շարունակեն անտունիներուն ժամանակաւոր կացարաններ ապահովելու արշաւը, նպաստելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու պայքարին։
8 Ապրիլին տեղեկացուեցաւ, որ արդէն իսկ կարելի եղած է ապահովել 15 պանդոկներու եւ այլ վայրերու մէջ 1069 անկողիններ, որոնք անտունիներու համար ժամանակաւոր կացարաներու վերածուած են:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու պանդոկներուն սենեակներուն միայն 21․6 տոկոսը վարձուած էր։ Անցեալ տարուան նոյն շաբթուան ընթացքին, այդ համեմատութիւնը 68 տոկոս էր։
Վերջապէս, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 8 Ապրիլին կոչ ըրին, որ տօնական այս օրերուն եւս շարունակեն յարգել տուն մնալու եւ միայն կենսական կարիքներոը համար դուրս գալու հրահանգը, ժահրին տարածումը կարելի եղածին չափ շուտ զսպելու նպատակով։ Այս ծիրին մէջ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարեսթի յայտարարեց, որ Ս․ Զատիկի օրը՝ 12 Ապրիլին, քաղաքին բոլոր հանրային պարտէզները փակ պիտի մնան։