ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենհապեր»․- «Ֆորպզ» թերթը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոց 2020ի ցանկը: Այս տարի ցանկին վրայ կը մնան միայն երկու հայեր եւ երկուքն ալ՝ ռուսիաբնակ: «Տաշիր»ի սեփականատէր Սամուել Կարապետեան 2.5 միլիառ տոլար կարողութեամբ 836րդ դիրքին վրայ է, իսկ հայկական արմատներ ունեցող Սերգէյ Կալիցքի (Յարութիւնեան) 3.4 միլիառ տոլարով 565րդ դիրքը կը գրաւէ: Անցեալ տարի նշեալներուն կողքին կային նաեւ Էտուարտօ Էրնէքեան եւ Քերոլայն Ռաֆայէլեան: