ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքին անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի ծրագիրին արձանագրութիւնները սկսած են։ Ծրագիրը պիտի իրագործուի քաղաքին Պլեր վարժարանին մէջ։
Ներկայիս, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները յաճախող աշակերտները կրնան արձանագրուիլ մինչեւ 20 Ապրիլ, իսկ անոնք, որոնք նախապէս Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները չեն յաճախած, առիթը ունին արձանագրուելու մինչեւ 6 Օգոստոս։
Յիշեցնենք, որ 26 Մարտին, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը, 3ի դէմ 4 քուէներով հաստատեց անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի ծրագիրիը, որ քաղաքին մէջ առաջինը կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ։
Ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուելու, եթէ արձանագրուին առնուազն 150 աշակերներ, որոնք նախապէս Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանի վարժարանները չեն յաճախած։ Անիկա առաւելագոյնը 250 աշակերներ պիտի կրնայ ընդունիլ։
Նախնական հանգրուանին ծրագրուած է չորս մակարդակի հայերէնի դասաւանդումներ կատարել, որմէ ետք պիտի աւելնան նաեւ հայոց գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի դասանիւթեր։
Արձանագրուելու համար այցելել www.pusd.us/Page/7799 կայքէջը։