Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2020ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին՝ յորդորելով ջնջել տալ Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան անխոհեմ «Թուիթըր» գրառումը, որ կը վերաբերի Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքներուն: Աւելին, յանձնախումբը կը պահանջէ տուն կանչել դեսպանը՝ իր անպատասխանատու քաղաքական դիրքորոշումին համար, որ կը հակասէ պաշտօնական Օթթաուայի խաղաղութեան եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան:
Նշենք, որ Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020ին, Անգարայի մէջ Գանատայի դեսպանատունը «Թուիթըր» վրայ կատարած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Գանատա կ՛աջակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ չի ճանչնար Արցախի ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգին արդիւնքները: Սակայն, յայտարարութիւնը չէր հաստատուած Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:
Յղուած նամակին մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ Գանատա միշտ ալ հաւասարակշռուած մօտեցում ունեցած է Արցախի հիմնահարցին խաղաղ կարգաւորման նկատմամբ՝ հիմնուելով Մինսկի (ԵԱՀԿ) խումբի դիրքորոշումներուն վրայ, որ հաստատուած է Միջազգային իրաւունքի Հելսինքեան պայմանագիրով ամրագրուած ինքնորոշման իրաւունքի եզրափակիչ որոշումով:
Նամակին մէջ մասնաւորաբար կը շեշտուի, որ «Թուիթըր»ի այս գրառումը խոտոր կը համեմատի Գանատայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն եւ պէտք է անյապաղ ջնջուի: Իսկ այսպիսի յայտարարութիւններ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գետնի վրայ: Արտաքին գործոց նախարաութիւնը պէտք չէ արտօնէ արտասահմանի իր դիւանագէտներուն, որ կառավարութեան դիրքորոշումներուն հակասող յայտարարութիւններ կատարեն:
Նշենք, որ վերոնշեալ նամակէն պատճէններ յղուած են նաեւ Գանատայի վարչապետին, փոխվարչապետին, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններուն ղեկավարներուն եւ ընդիմութեան ներկայացուցիչներուն: