ԼՈՆՏՈՆ, «Պի․Պի․Սի․»․- 2 Ապրիլի տուեալներուն համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով աշխարհի տարածքին մահացածներուն թիւը արդէն կը գերազանցէ է 50,000ը, իսկ վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ մէկ միլիոնի։ Ցարդ բուժուած են առաւել քան 205,000 վարակուածներ:
Մահերուն մեծագոյն թիւը ունի Իտալիան՝ շուրջ 13,155: Սպանիոյ մէջ մահացած են 10,003 անձեր եւ կան առաւել քան 110,000 վարակուածներ։ Երկու երկիրներուն մէջ նոր վարակումներու համեմատութիւնը կը նուազի։
Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերուն թիւը արդէն կը գերազանցէ 5200ը, իսկ վարակուածներունը՝ 220,000ը։ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ 1 Ապրիլին վարակման 513 նոր դէպքեր արձանագրուեցան եւ մահացան 11 անձեր։ Ցարդ գաւառին մէջ վարակուած են 3518 անձեր եւ մահացած՝ 65 վարակուածներ։
Ֆրանսայի մէջ մահացածներուն թիւը կը գերազանցէ 4000ը եւ կան 58,000 վարակուածներ, իսկ Բրիտանիոյ մէջ մօտաւորապէս 35,000 վարակման պարագաներ արձանագրուած են եւ շուրջ 3000 մահեր։
Իրանի մէջ կան 52,000 վարակուածներ եւ մահացած են առնուազն 3200 անձեր։
Թուրքիոյ մէջ, ցարդ մահացած են 277 անձեր եւ վարակուած են 16,000 ուրիշներ, իսկ Ռուսիոյ մէջ վարակուած են մօտաւորապէս 3600 անձեր եւ մահացած են 30 վարակուածներ։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրին դէմ պայքարը համակարգող մարմինի անդամ եւ վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հաստատութեան տնօրէն Էնթընի Ֆաուչի յայտնեց, որ տարածումը կանխելու աշխատանքները սկսած են տալ դրական արդիւնքներ: «Մեր նպատակն է նախ օգնել գլխաւոր թիրախներ դարձած Նիւ Եորքին ու Նիւ Ճըրզիին՝ հասնելու համար շրջադարձային կէտին: Վստահ ենք, որ պիտի յաջողինք», ըսաւ ան։