ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամելան Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցած գիտական մրցանքէն ետք, դատակազմին որոշումով խումբ մը աշակերտներ իրաւունք ստացան վարժարանը ներկայացնելու Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին։
Շամլեան վարժարանի աշակերտներէն երկուքը՝ Էլլա Պաղտասարեան եւ Լոռի Խեմիչեան առաջին հանդիսացան, իսկ Քէյթլին Պաղտասարեան՝ երկրորդ։
Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Նիքոլ Յակոբեանս, Սելին Կարապետեան եւ Ռաֆայէլ Էնֆիաճեան, իսկ յիշատակութեան՝ Րաֆֆի Պօղոսեան, Դաւիթ Խաչատուրեան, Տերըն Ստեփանեանս, Արեգ Պոյնէրեան, Նանար Շահինեան, Տարօն Գասպարեան եւ Նիրի Աղայեան։
Նաեւ, յատուկ մրցանակներու արժանացան Սելին Կարապետեան եւ Րաֆֆի Պօղոսեան։
Վարժարանին տնօրէնը՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունեց այս պատուաբեր արդիւնքները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս գիտական մրցանքը համադրող գիտութեան ուսուցչուհի Լիտա Գէորգեանին։