ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «ՆիկոլԱղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ծովածոցի հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս աﬔրիկահայ գաղութին կը տեղեկացնէ, թէ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի այս օրերուն, նոր ծրագիրի մը նախաձեռնած է:
Գաղութին յղած մասնաճիւղին նամակին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Պսակաձեւ ժահրին պատճառով,Ամերիկայի բոլոր համալսարանները եւ դպրոցները սկսած են իրենց դասաւանդութիւնները առցանց կատարել: Համազգայինի Սան Ֆրանիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը եւ անոր գրական յանձնախումբը եւս որոշած են գաղութին ծառայել համակարգիչի ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուելով: Այս ծրագիրին նպատակը պիտի ըլլայ՝ հասնիլ այն ծնողներուն եւ փոքրիկներուն կամ պատանիներուն, որոնք կը փափաքին սորվիլ հայերէնը կամ բարելաւել զայն»:
Վարչութիւնը պատրաստած է նաեւ բազմաթիւ կապերու եւ կայքէջերու ցանկ մը՝ մտածելով, որ հայ փոքրիկները եւ պատանիները կրնան իրենց հայերէնի իմացութիւնը բարելաւել պատմուածքներու եւ խաղերու միջոցաւ:
Որեւէ անձ կրնայ գործածել վերոյիշեալ կապերը՝ այցելելով մասնաճիւղի կայքէջին՝
https://hamazkayinsf.com, «Ձեռնարկներ» բաժինը։