ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 7 Մարտին, առաւել քան 250 համակիրներու ներկայութեամբ, Պըրպենքի «Տը Լաքս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքին տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու 7 կրթական մշակներ, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման գործին մէջ:
Միացեալ Նահանգնեու եւ Հայաստանի քայլերգները կատարեցին յաջորդաբար Սօսի Հապոյեան եւ Սօսէ Յովհաննէսեան, որմէ ետք կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեանի խնդրանքով պահ մը լռութեամբ յարգուեցաւ նորօք հանգուցեալ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Խաչօ Աշաճեանի յիշատակը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց կրթական բաժանմունքի անդամ Սեդա Անթեքելեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Յոկոբ Աստուրեանի վկայութիւններէն բաժին մը:
Ապա, հանդիսավար Էլինա Աբովեան (KTLA կայանի հաղորդավար) ներկայացուց ձեռնարկին ներկայ պետական անձնաւորութիւնները եւ կրթական մշակները, որմէ ետք քոնկրեսական Ճուտի Չու բեմ բարձրանալով՝ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար տարուող կարեւոր աշխատանքին մասին:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը` վաւերագրական ֆիլմեր արտադրող Անի Յովհաննէսեան Գէորգեան, որ հատուած մը ցուցադրեց Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր չորս այցելութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած վաւերագրական «Ծածուկ Քարտէսը» ֆիլմէն եւ խօսեցաւ անոր պատրաստութեան մասին:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Անահիտ Օշական խօսեցաւ կրթական հարցերու բաժանմունքին տարած աշխատանքին մասին, որմէ ետք «Լարք» երաժշտանոցի եւ «Արենի» պարախումբի անդամներ գեղարուեստական կոկիկ եւ որակաւոր յայտագիր մը ներկայացուցին:
Ապա, հանդիսավար Էլինա Աբովեան «Հայոց Ցեղասպանութեան կրթութեան մրցանակ»ները յանձնեց հետեւեալ ուսուցիչներուն` Ճենիֆըր Տէյվիս (Քլարք վարժարան), դոկտ. Միշել Հերցոկ (Լոս Անճելըս գաւառի Կրթական բաժանմունք) եւ Սուզեն Քուինթանա (Փայոք հովիտի երկրորդական վարժարան, Նիւ Մեքսիքօ):
Իր կարգին, կրթական բաժանմունքի անդամ եւ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան Զարուհի Չիթճեանի անուան «Հայկական ժառանգութեան մրցանակ»ները յանձնեց Նենսի Նազարեանին (Քըրթիս վարժարան) եւ Սահականուշ Մարգարեանին (Ռ.Տ. Ուայթ նախակրթարան), մինչ Էլինա Աբովեան «Հայոց Ցեղասպանութեան համալսարանական կրթութեան մրցանակ»ը յանձնեց դոկտ. Մարիա Արմուտեանին (Օքլընտի համալսարան, Նիւ Զիլընտ):
Նաեւ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի դասախօս եւ ուսումնասիրող Ռուբինա Փիրումեան «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն մրցանակ»ը յանձնեց հեղինակաւոր պատմաբան եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի պատուոյ դասախօս դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին:
Մրցանակներու յանձնումին մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գանձապահ Հերմինէ Փախանցեանս եւ կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան, որ նաեւ յայտարարեց, թէ այսուհետեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան համալսարանական կրթութեան մրցանակ»ը պիտի կոչուի փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անունով: